Խարկովի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշարձան Պիտի Բացուի

Ապրիլ 24-ին Խարկովի հայկական Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ պիտի բացուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող, ապա պիտի մատուցուի հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը՝ վկայակոչելով ուքրանական «Օպեկտիւ» լրատուականը։

Նոյն օրը, Ուքրանիոյ մէջ առաջին անգամ պիտի ներկայացուի «Անցեալի արձագանգները» ժապաւէնը։

Ձեռնարկները կը կազմակերպուին ի պաշտպանութիւն «Աշխարհը առանց պատերազմի» համաշխարհային օրուան՝ երկու նմանատիպ ճակատագրեր ունեցող ժողովուրդներու՝ հայերու եւ հրեաներու ողբերգութեան հիման վրայ։

Scroll Up