«Կէս կատակ, կէս լուրջ». հանդիպում Նարեկ Դուրեանի հետ

«Հարմոնիա›› հոգեբանութեան հանրային զարգացման կեդրոնի եւ «Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդի›› ջանքերով տեղի ունեցաւ «Ականջդ բեր ըսեմ» խորագիրով ծրագիրի 3-րդ հանդիպումը: Այս անգամ ծրագիրի հիւրն էր ճանչցուած դերասան Նարեկ Դուրեան:

Հանդիպումը ինքնին հիմնուած էր հարց ու պատասխանի վրայ, որուն ընթացքին խօսելու հնարաւորութիւն ունէր ոչ միայն հիւրը, այլ նաեւ` ներկաները, որ կ’ապահովէր աշխոյժ քննարկում, իսկ հանդիպման աւարտին` հարազատ մթնոլորտ, որմէ դժուար էր բաժնուիլ: Զրոյցը կը դառնար արուեստի, գրականութեան, լեզուի, կրօնի եւ, միանաշանակ, մարդու առեղծուածի բացայայտման շուրջ:

Հանդիպումէն պարզ դարձաւ, որ պրն. Դուրեանի համար կարեւոր  է երկիրը չմեկուսացնելը, իսկ ատոր կը նպաստէ ռուսական, անգլիական դպրոցներու փակումը, որ կը տանի մեկուսացման` խոչընդոտելով երկրի զարգացմանը. «Միայն ճոխ հայերէն գիտնալով հայրենասէր չես ըլլար: Մեր սերունդը «հայրենասէր չէր», բայց ֆիլհարմոնիայի բեմէն ռապիզ երաժշտութիւն չէր հնչեր, մենք կը խօսէինք ռուսերէն, բայց լաւ կը տիրապետէինք նաեւ մայրենի լեզուն եւ ատիկա չէր սահմանափուիր զուտ լաւ շարադրութիւն գրելով»,- նշեց Նարեկ Դուրեան:

«Մէկ անգամ եւս համոզուեցայ, որ  արուեստագէտներուն տրուող կոչումները կ’որոշէ լսարանը: Իսկ պրն. Դուրեան ժողովրդական արուեստագէտ է, այդ կը վկայեն մեր փայլող աչքերը եւ երկուքկէս ժամ տեւած հանդիպումը, որուն ընթացքին ստացանք աւելին, ինչ որ կը փաստէ նաեւ ծրագիրի նպատակի կայացած ըլլալը` կենսափորձի փոխանցում»,- ըսաւ հանդիպման մասնակիցներէն Տաթեւ Մատինեան:

Ըստ «Հարմոնիա» հոգեբանութեան հանրային զարգացման կեդրոնի ղեկավար Աշխէն Մկոյեանի` հանդիպումը շատ արդիւնաւէտ էր. «Արդիւնքը գերազանցեց մեր  սպասելիքները. շատ ջերմ ու հարուստ հանդիպում ունեցանք` համեմուած հումորով: Շնորհակալ եմ պարոն Դուրեանին, որ մեզի փոխանցեց իր պատմութիւնն ու փորձը: Կը կարծեմ` նմանատիպ հադիպումներու կարիքը իսկապէս կայ. այդ կը վկայէ երիտասարդներու աշխուժութիւնը եւ օրէ օր աճող ոգեւորութիւնը»:

Լաուրա Մամեան

Զառա Մանուչարեան

Նարեկ Դուրյան Նարեկ Դուրյան1 Նարեկ Դուրյան2

Scroll Up