Սկսնակ Գործարարներու 365 Գործարար Ծրագիր Կեանքի Կոչուած Են ՓՄՁ ԶԱԿ-իԱջակցութեամբ
Սկսնակ գործարարներու 365 գործարար ծրագիր կեանքի կոչուած են Փոքր եւ միջինձեռնարկատիրութեան զարգացման ազգային կեդրոնի «Աջակցութիւն սկսնակգործարարներուն» ծրագիրին շնորհիւ:
Ինչպէս «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՓՄՁ ԶԱԿ հիմնադրամիմամուլի քարտուղար Դաւիթ Մուրատեան, հիմնուած գործարքները հիմնականին մէջեղած են արտադրութեան, ծառայութիւններու եւ առեւտրի ոլորտներուն մէջ: «Հիմանական շեշտը դրուած է արտադրութեան զարգացման վրայ: Գործարքներու70 տոկոսէն աւելին տեղաբաշխուած է Հայաստանի մարզերուն մէջ եւ նպատակ ունիմարզերու մէջ եւս խթանելու տնտեսական աշխուժութիւնը»,-նշած է Մուրատեան:
«Աջակցութիւն սկսնակ գործարարներուն» ծրագիրի ծիրէն ներս մասնակիցներըհնարաւորութիւն կ’ունենան օգտուելու ՓՄՁ ԶԱԿ-ի ֆինանսական աջակցութեանգործիքներէն: Դաւիթ Մուրատեանի խօսքով` 2006-2013 թուականներուն սկսնակգործարարներուն տրամադրուած վարկերու չափը կը կազմէ 430 մլն, իսկերաշխաւորութեան գումարը 487 մլն: «Լաւագոյն գնահատականի արժանացածկենսունակ գործարար ծրագիրները սկսնակի ցանկութեամբ կը ներկայացուինվարկաւորման Հայաստանի ՓՄՁ ԶԱԿ-ի գործընկեր դրամատուներու միջոցով: Անոնցկը տրուի առաւելագոյնը 5 մլն դրամ, տարեկան 10 տոկոս տոկոսադրոյքով: ՀայաստանիՓՄՁ ԶԱԿ-ի կողմէ կը տրամադրուի 100 տոկոս երաշխաւորութիւն»,-ըսած էՄուրատեան:
«Աջակցութիւն սկսնակ գործարարներուն» ծրագիրը կը գործէ 2006 թուականէն:Ծրագիրի մասնակից սկսնակ գործարարները կը ստանան գործարքիծրագրաւորման, շուկայավարման, կառավարման, արտադրութեան եւ ֆինանսներուծրագրաւորման գիտելիքներ եւ համապատասխան գործարար հմտութիւններ: Այդընթացքին փորձառու մասնագէտներու ուղղորդմամբ սկսնակ գործարարները կըմշակեն իրենց անհատական գործարար ծրագիրը եւ ձեռնամուխ կ’ըլլան անորիրականացման: