Մուշի Պատմական Հայկական Տուները Կը Քանդուին

Թուրքիոյ կառավարութեան բնակելի շէնքերու հարցերով զբաղող վարչութիւնը (TOKİ) սկսած է քանդել Մուշ քաղաքի Քալէ թաղամասիպատմական հայկական տուները: Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, ըստ հայկական «Ակօս» պարբերականին:
Թրքական նոր նախագիծին համաձայն` կը նախատեսուի քանդել մօտ 500 տուն, եւ փոխարէնը կառուցել 770 տուն: Նշուած է, որբնակարաններու ներկայի բնակիչները հրաժարած են վարչութեան տրամադրած գումարներու փոխարէն հեռանալ իրենց տուներէն: Սակայնի պատասխան անոնց բողոքներուն` TOKİ-ի ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ ամէն պարագայի պիտի քանդեն տուները, եւ եթէբնակիչները կամաւոր չհեռանան, ապա անոնց առարկաներն ալ կը մնան փլատակներու տակ:
Քալէ թաղամասի բնակիչ Էրճան Ճեթէն յայտնած է, որ իրենք չեն ուզեր հեռանալ տուներէն, որոնք ունին 148 տարուան պատմութիւն:Խօսելով այն մասին, որ բազմիցս դիմած է համապատասխան մարմիններու տունը չքանդելու համար` Ճեթէն ըսած է. «անոնց պատմեցի, որտունս պատմական արժէք է եւ չեմ ուզեր, որ այն քանդուի: TOKİ-ն եւ քաղաքապետարանը մեղքը մէկը միւսին վրայ կը դնէ:Նահանգապետարան ալ դիմեցի, սակայն ըսին, որ չեն հրաժարիր իրենց որոշումէն: Տունս միլիոններ արժէ, սակայն ատոր փոխարէնTOKİ-ն ընդամէնը մի քանի սենեականոց բնակարան պիտի տայ: Բնակիչը պատմած է, որ քաղաքապետարանի աշխատակիցներըսպառնալիքներ հնչած են անոր նկատմամբ տունը ազատելու համար: Ան մտավախութիւն  յայտնած է, որ որեւէ վայրկեան կրնանբռնութեամբ քանդել հարիւրամեայ պատմութիւն ունեցող տունը:
Մուշի պատմական հայկական տուները քանդելու դէմ Թուրքիոյ մէջ ելեկտրօնային ստորագրահաւաք սկսած է, որու նախաձեռնողները կոչըրած են միանալ եւ արգիլել հայկական պատմական վերջին հետքերու ոչնչացումը Մուշի մէջ: «Հայերը, յոյները, ասորիները համակարգուածկերպով կոտորածի ենթարկուած են: 1915 թուականի ցեղասպանութեամբ սկսած գործընթացքը այսօր կը շարունակուի որպէս մշակութայինեւ տնտեսական ցեղասպանութիւն: Ասոր նպատակը առաւելագոյն շահոյթ ստանալն է, ինչպէս նաեւ հաւաքական յիշողութիւնը ոչնչացնելը:Մշակոյթ ոչնչացնելը մարդկութիւն ոչնչացնել կը նշանակէ: Սա պատմական կոտորած է: Յանուն ժողովուրդներու եղբայրութեան եւհաւասարութեան դուն ալ քու ստորագրութեամբ կանխէ այս կործանումը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Scroll Up