Էթյէն Մահչուփեան հեռացուած է Դաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնէն

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Դաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդական Էթյէն Մահչուփեան հեռացուած է պաշտօնէն, կը գրէ NEWS.am-ը: Թրքական Hurriyet-ի փոխանցմամբ` Էթյէն Մահչուփեանի հեռացման պատճառը կը նշեն տարիքի անհամապատասխանութիւնը աշխատանքի հետ:

Աւելին, թրքական Hurriyet-ը զաւեշտալիօրէն կը պնդէ, թէ Մահչուփեանը հեռացուցած էին դեռ Մարտ 9-ին, այսինքն, երբ Մահչուփեանը 1915-ին տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն յայտարարած էր, արդէն Դաւութօղլուի խորհրդականը չէր: Նշենք, որ Էթյէն Մահչուփեան Հռոմի Պապի ելոյթէն ետք յայտարարած է, թէ անհնար է Աֆրիոյ եւ Պոսնիոյ մէջ տեղի ունեցածը անուանել ցեղասպանութիւն, իսկ հայերու հետ տեղի ունեցածը չըսել: Ան պնդած էր, որ զարմանալին այն չէ, որ Հռոմի Պապը հիմա կ’ըսէ ցեղասպանութիւն, այլ զարմանալին այն է, որ ինչպէս այսքան տարի չէ ըսած:

Scroll Up