Թենիսիստ Դաւիթ Նալպանտեան աշխարհին կոչ կ’ուղղէ չմոռնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը (տեսանիւթ)

Արժանթինահայ աշխարհահռչակ թենիսիստ Դաւիթ Նալպանտեան մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն եւ աշխարհին կոչ ուղղած ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ, արժանթինցի յայտնի մարզիկներ Դաւիթ Նալպանտեան, Խոսէ Մէոլանս, Խուան Գառլոս Օլաւէն, Խոսէ Փալացիան եւ Գառլոս Հայրապետեան նկարահանուած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ
տարելիցին նուիրուած տեսահոլովակին մէջ, ուր կը պատմեն 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան, հայերու գաղթի եւ արժանթինահայ համայնքի ձեւաւորման մասին:

Մարզիկները իրենց խօսքին մէջ կը շեշտեն, որ Թուրքիան Հայոց ցեղասպանութիւնը մինչեւ օրս չէ ճանչցած եւ միջազգային հանրութեան կոչ կ’ուղղէ չանտեսել մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնը:

Scroll Up