Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսած է Petit Fute զբօսաշրջային տեղեկատուի 2013թ.արդէն վեցերորդ հրատարակութիւնը` նուիրուած Հայաստանին: ՈրմովԼեռնային Ղարաբաղը (Արցախ) ներկայացուած է առանձին գլուխով:
Petit Fute-ը ամենամսեայ տեղեկատու է` նախատեսուած ֆրանսացի եւֆրանսալեզու զբօսաշրջիկներու համար: Ատոր միջոցաւ կարելի էհետաքրքիր եւ օգտակար տեղեկութիւն քաղել այս կամ այն երկրի կամքաղաքի զբօսաշրջային ենթակառոյցի մասին:
Լեռնային Ղարաբաղի մասին գլխուն մէջ ներկայացուած է երկրիզբօսաշրջութեան զարգացումը, համապատասխան ենթակառոյցներուստեղծման գործընթացքը:
Տեղեկատուն ընթերցողներուն կը ծանօթացնէ Արցախի պատմութիւնը,բնութիւնը եւ ճարտարապետութիւնը: Նաեւ համառօտ կը ներկայացուիԱտրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ հակամարտութիւնը, 20-ամեայ բանակցային գործընթացքը եւ ԵԱՀԿ-ի դերը: ԼեռնայինՂարաբաղ ուղեւորուող զբօսաշրջիկներուն կ’առաջարկուի այցելելՍտեփանակերտ, Շուշի, Գանձասարի վանական համալիր, Տիգրանակերտիթանգարան, Ասկերանի բերդ, Դադիվանքի հնագոյն եկեղեցի եւ այլն:
Տեղեկատուին մէջ համառօտ տեղեկատուութիւն կայ Արցախիմայրաքաղաք Ստեփանակերտի մասին: Ներկայացուած է հիւրանոցներու,ճաշարաններու, Երեւանէն Ստեփանակերտ փոխադրութեան տեսակներուցուցակը` արժէքով եւ երթուղիի տեւողութեամբ հանդերձ: Շուշիի բաժինինմէջ տեղեկատուութիւն կայ քաղաքի պատմութեան, կրթամշակութայինկառոյցներու, հիւրանոցներու, զբօսաշրջային ենթակառոյցներու մասին:
Տեղեկատուի մէջ կարելի է նաեւ տեղեկատուութիւն գտնել ԼՂՀ տարածքմուտք գործելու կարգի վերաբերեալ:
News.am