Ծառատունկ Մայր Աթոռի «Արեւադաշտի Եորնեկեան մանկապարտէզին մէջ»

Ապրիլ 15-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Արեւադաշտի Եորնեկեան մանկապարտէզին մէջ» իրականացուեցաւ ծառատունկ` ի նշան հայ ժողովուրդի վերածնունդին:

Ձեռնարկը կայացաւ համագործակցութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի եւ ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի (UNICEF)` 2014 թ. Յունիս 23-ին կնքուած համագործակցութեան յուշագիրի ծիրէն ներս:

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՔԴԿ տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Վարդան եպիսկոպոս Նաւասարդեան, ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Հենրիէթ Արենս, Արմաւիրի մարզպետարանի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան վարչութեան պետ Գայեանէ Սայատեան, հոգեւոր հայրեր, համայնքային ղեկավարութիւնը, հիւրեր, մանկապարտէզի պաշտօնէութիւնը, մանկավարժներ, սաներ եւ ծնողներ:
Ծառատունկին մասնակից երեխաները ստացան նաեւ փոքրիկ նուէրներ:

c2 c3

Scroll Up