Երբ «Արի Տունը» Կը Դառնայ Ներշնչանք

«Արի տուն» ծրագիրի առաջին փուլի փակման ժամանակ 17-ամեայ վիրահայ Յասմիկ Սարգսեանը ասմունքեց իր գրած բանաստեղծութիւնը: Ահա այն.

Շէնացի՛ր դու, ի՛մ Հայաստան,

Բոլոր հայերի դու ապաստան,

Բալիկները քո օտար ափերում

Սրտերից նրանք միշտ ախ են քաշում:

Հզօրացի՛ր դու, իմ մա՛յր Հայաստան,

Որպէսզի դառնաս դու մեր ապագան,

Քո լեզուով խօսում, քո յոյսով ապրում,

Մեր Հայաստանով միշտ հպարտանում:

Բայց դու կանչի՛ր մեզ, իմ մա՛յր Հայաստան,

Կը սպասեմ կանչիդ ամէն մի վայրկեան,

Մայրիկիս նման կանչի´ր`  արի՛ տուն,

Հողիդ տէ՛ր դարձիր, մեռնե՛մ քո հոգուն:

Յասմիկը այս բանաստեղծութիւնը գրած է այն ժամանակ, երբ գիտցած է, որ Հայաստան պիտի գայ.

«4-րդ դասարանէն կը գրեմ: Բանաստեղծութիւններս կը տպագրուին Վրաստանի մէջ լոյս տեսնող «Արեւիկ» մանկապատանեկան թերթին մէջ:

Երբ արդէն գիտէի, որ պիտի մասնակցիմ «Արի տուն» ծրագիրին, ինքնաբերաբար գրեցի այս բանաստեղծութիւնը,  եւ ցանկացայ ասմունքել «Արի տուն» ծրագիրի փակման ժամանակ»:

Յասմիկը առաջին անգամ  Հայաստան կ’այցելէ.

«Առաջին անգամ  հայրենիք կու գամ, տպաւորութիւններս շատ լաւ են: Մի քանի երիտասարդներով հիւրընկալուած էինք Կոտայքի մարզի Բիւրեղաւան քաղաքին մէջ: Հիւրընկալ ընտանիքներու հետ շատ լաւ կը զգայինք, շատ ջերմ վերաբերմունքի արժանացանք: Այդ մի քանի օրուան ընթացքին այնքան մտերմացած էինք, որ բաժանուելնուս բոլորս լացինք:

Հայաստանի մէջ ամէն ինչ սիրեցի` բնութիւնը, մեր Երեւանը, մարդոց վերաբերմունքը: Ամենաշատը հաւնեցայ Նորավանքը, Գառնին, Գեղարդը, Էջմիածինը»:

Յասմիկին հարցուցի` Հայաստանի մէջ բանաստեղծութիւն հասցուցա՞ծ է գրել: Ըսաւ` ո´չ, բայց  ներսս  շատ բան  կուտակուած է.

«Հայաստանի մէջ դեռ բանաստեղծութիւն չեմ գրած, բայց հոգիիս, մտքիս մէջ այնքան բան է կուտակուած է, որ այդ ամէնը անպայման «դուրս կու գայ» բանաստեղծութիւններու տեսքով:

Գիտէք, կը զգամ  կարծես իմ տան մէջ եմ, չեմ ուզեր երթալ:

Կ’ուզեմ Հայաստան ապրիլ, ուսանիլ, լսել, թէ ինչպէս  ամէնուր հայերէն կը խօսին: Որքան ալ մենք այնտեղ` մեր տան մէջ, դպրոցը հայերէն կը խօսինք, բայց այստեղ ուրիշ է:

Շատ   տպաւորուած եմ` հետս պիտի տանիմ, սէր, ջերմութիւն, հայրենասիրութիւն: Պիտի երթամ ու բոլորին պատմեմ մեր Հայաստանի մասին, մարդոց վերաբերմունքին, մեր հողին ու ջուրին, Երեւանի մասին, հայկական երգերու, պարերու, այն ամէն ինչի մասին,  որ տեսայ ու սորվեցայ այստեղ:

Երբ հանրակառքով Վրաստանէն կու գայինք, ամէն ինչ շատ սովորական էր, բայց երբ սահմանը անցանք,  տեսակ մը փոխուեցայ, կարծես տուն  կու գայի:

Ու հիմա իմ բոլոր հասակակիցներուս կ’ուզեմ մաղթել, որ տուն վերադառնան. միայն այստեղ` հայրենիքի մէջ կը զգաս, որ  քու տան մէջ ես:

Շնորհակալ եմ  «Արի տուն» ծրագիրին նաեւ այն հնարաւորութեան, որ ինծի տուաւ մեծ շրջապատ, ընկերութիւն, Հայաստանը տեսնելու, մօտիկէն ծանօթանալու, նաեւ հանդիպում Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ»:

Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up