Շառլ Ազնաւուր Ապրիլ 24-ին Հայաստան պիտի ըլլայ

Շառլ Ազնաւուր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ Ապրիլ 24-ին պիտի ըլլայ Հայաստան: Այս մասին՝ ըստ News.am—ի՝ ան յայտարարած է ֆրանսական Europe 1 հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

Հարցումին, թէ կա՞ն արդեօք փոփոխութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան ընկալումներու մէջ, Հռոմի Պապի ելոյթէն յետոյ, Ազնաւուր պատասխանած է. «Ոչ, բայց ամէն ինչ պէտք է փոխուի եւ հաստատ պիտի փոխուի: Օր մը երիտասարդութիւնը ոտքի պիտի կանգնի, որովհետեւ երիտասարդութիւնը չի ցանկար արեան բիծ ունենալ իր ճակտին եւ ապրիլ ատով 100 տարի»,- ըսած է Ազնաւուր:

 

Scroll Up