Հարաւային Կովկասի Երիտասարդ Քաղաքական ԳործիչներուՀամաժողովին Անդրադարձած Են ԼՂ Խնդիրին

ՀՀԿ երիտասարդական կազմակերպութեան անդամները յունիս 29-30Վրաստանի Քութայիսի քաղաքին մէջ` վրացական խորհրդարանին մէջ,մասնակցած են Հարաւային Կովկասի երիտասարդ քաղաքականգործիչներու համաժողովին: Այն կազմակերպած էր ՀոլանտայիԲազմակուսակցական ժողովրդավարութեան հիմնարկը: Համաժողովինմասնակցած են Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանիերիտասարդներ` իւրաքանչիւր երկրէ 15 պատուիրակ: Երիտասարդքաղաքական գործիչները կը ներկայացնէին իրենց երկիրներու տարբերկուսակցութիւնները:

Համաժողովը բաղկացած էր երեք բաժինէ` «Եւրոպական հարեւանութեանքաղաքականութիւն. տեսակէտներ Եւրոմիութենէն եւ ՀարաւայինԿովկասէն», «Համաշխարհային անվտանգութեան մարտահրաւէրներ.հայեացք Հարաւային Կովկասէն», «Տնտեսական համագործակցութիւն`ԵՄ-հարաւային Կովկաս»:
Համաժողովի բացումը կատարած է ՀՀԿ երիտասարդականկազմակերպութիւնը ներկայացնող Սուրէն Պետրոսեանը, որ իր ելոյթին մէջանդրադարձած է եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան,Հայաստանի եւրոընդելուզման գործընթացներուն եւ Հայաստանի մէջժողովրդավարութեան զարգացման միտումներուն:
Համաժողովը ընթացած է բաւական թէժ մթնոլորտի մէջ: Քննարկումներըզերծ չեն մնացած հակամարտութիւններու թեմայի շուրջ անդրադարձներէ:Բարձրացուած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցը: «Ատրպէյճանցի պատուիրակները, որպէս կանոն, հանդէս կու գային  որպէսապակառուցողական, ինչ որ կը ստանար Հայաստանի տարբերկուսակցութիւնները ներկայացնող երիտասարդներու եւկազմակերպիչներու համարժէք արձագանքը: Հայկականպատուիրակութիւնը առաջարկեց  փաստաթուղթ մը, ուր ընդգրկուածկ’ըլլան այն կէտերը, որու շուրջ երիտասարդները կրնան համագործակցիլառանց նախապայմաններու եւ քաղաքակիրթ մթնոլորտի մէջ: Առաջարկըընդունուեցաւ կազմակերպիչներու, Եւրոմիութեան ներկայացուցիչներուկողմէ, կազմուեցաւ եւ քուէարկութեան որպէս արդիւնք միաձայնընդունուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, ուր արձանագրուեցաւհարաւկովկասեան երկիրներու միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուամրապնդման եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեանանհրաժեշտութիւնը»,- ըսուած է ՀՀԿ երիտասարդականկազմակերպութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Scroll Up