Չինաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին օրեր կ’ընթանան

Չինաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ յիշատակի օրեր կ’ընթանան:

Ինչպէս NEWS.am-ը տեղեկացաւ «Հայաստանի գաղտնիքներ» նախագիծի մամլոյ կեդրոնէն, Ապրիլ 21-25 Չինաստանի Նանճինկ եւ Տեանցզին քաղաքներու յառաջատար համերգասրահներուն մէջ հայ դասական երաժշտութեան երեկոներ կը կայանան` նուիրուած 1915թ. Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:  Համերգներու ծրագիրին մէջ կը հնչեն հայ երգահաններ Կոմիտասի, Խաչատրեանի, Բաբաջանեանի, Աբրահամեանի, Բաղդասարեանի, Ամիրխանեանի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները:

Համերգներուն ներկայ պիտի գտնուին Հայաստանի եւ Չինաստանի պաշտօնական անձիք, դիւանագէտներ եւ հասարական գործիչներ:

Ձեռնարկի  կազմակերպիչներն են Միքայէլ Հայրապետեանի «Հայաստան գաղտնիքներ» նախագիծն ու Չինաստանի հայկական համայնքը` CHINAHAY-ն։

Scroll Up