Սուրիահայ յայտնի երգչուհին համերգով հանդէս պիտի գայ Պոլսոյ մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/Լենա-Շամամյան.jpg)
Մերձաւոր Արեւելքի սիրուած ձայներէն համարուող սուրիահայ Լենա Շամամեան համերգով հանդէս պիտի գայ Պոլսոյ մէջ:
Թրքական Aksam պարբերականի փոխանցմամբ` 2015-ի Մայիս 15-ին, Պոլսոյ Kongre merkezi համերգասրահին մէջ «Չափանիշէն դուրս երաժշտութեան» ծիրէն ներս համերգով հադես պիտի գայ Լենա Շամամեան, կը գրէ
Արցախփրէսը:
Նշենք, որ Լենա Շամամեան անցեալին եւս համերգով հանդէս եկած էր Թուրքիոյ մէջ:
Լենա Շամամեանի ընտանիքը Ցեղասպանութեան ժամանակ Մարտինէն հեռացած է Սուրիա: Լենա Շամամեան 5 տարեկանէն կը զբաղի երաժշտութեամբ, ունի բազմաթիւ մրցանակներ: