Իտալական մամուլի անդրադարձը Նափոլիի եկեղեցւոյ մէջ խաչքարի տեղադրման եւ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին
Իտալական La Repubblica թերթը պատմած է Նափոլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հայ ժողովուրդի կողմէ Նափոլի քաղաքին նուէր մատուցուած խաչքարի տեղադրման մասին: Այս մասին կը յայտնէ Արցախփրէսը:
La Repubblica-ը կը նշէ, որ այս նախաձեռնութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակման ձեռնարկներուն մաս կը կազմէ:
Թերթը կը պատմէ, թէ ինչպէս հսկայական, 2 մեթր 70 սանթիմեթր բարձրութեամբ խաչքարը տեղափոխուած է եկեղեցի քաղաքի համապատասխան մասնագէտներու, նախագիծը ղեկավարող ճարտարապետի եւ քաղաքային ոստիկանութեան վերահսկողութեամբ: Այս չափազանց նուրբ գործողութիւնը իրականացնելու համար քանի մը ժամ պահանջուած է:
Retroonline.it իտալական կայքը 20-րդ դարու ամենասարսափելի եւ արիւնալի դէպքերուն մասին պատմող յօդուածին մէջ ներկայացուցած է նաեւ հայերու ցեղասպանութիւնը` պատմական տուեալներ ներկայացնելով դէպքերուն մասին:
Կայքը, ներկայացնելով Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ կապուած վերջին տարիներու քաղաքական իրավիճակը, կը գրէ, որ հայերու ցեղասպանութիւնը դիւանագիտական զգալի լարուածութիւն յառաջացուցած է Վատիկանի եւ Անգարայի միջեւ, յատկապէս 2012 թուականին, երբ Վատիկանի արխիւի հրապարակած փաստաթուղթերը լեհ գիտնական Մարքօ Եակով օգտագործած է «Արեւելքի հարցը հայոց եղեռնի տեսանկիւնէն (1894-1897)» աշխատութեան համար:
Notizieitalianews.com «Մեծ Եղեռնէն 100 տարի անց. Հայերու ցեղասպանութիւնը» վերնագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ, որ այս տարի Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցն է ` նշելով, որ ամէն տարի Ապրիլ 24-ին յիշատակման արարողութիւն տեղի կ’ունենայ, քանի որ տարբեր պատմական վկայութիւններու համաձայն հէնց այս օրը սկսած են հետապնդումները, որուն հետեւանքով մէկուկէս միլիոն հայ զոհուած է 1915 թուականին:Կայքը կը ներկայացնէ 1915 թուականի դէպքերը, այնուհետեւ կը խօսի Էլիֆ Շաֆակի «Սթամպուլի բիճը» վէպին մասին, որ կը պատմէ Սթամպուլ ապրող Ասեայի եւ Արիզոնայէն Արմանուշ Չակմախչեանի պատմութիւնը` անոնց միջոցով վերհանելով անցեալի վերաբերեալ տարբեր պատկերացումները, որ առկայ են հասարակութիւններուն մէջ:
Ինչպէս կը գրէ յօդուածի հեղինակը հայ քրիստոնեաներու ցաւոտ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ պէտք չէ քրիստոնէութեան պատմութիւնը նուազեցնել նեղ շրջանակի մէջ, այս հարիւրամեայ տարելիցը միայն հայկական եկեղեցւոյ չի վերաբերիր, այն պէտք է վերաբերի բոլոր եկեղեցիներուն: Հեղինակը կը յիշեցնէ, որ հարիւրամեայ տարելիցը հէնց այն ժամանակ կը յիշատակուի, երբ միջազգային հանրութիւնը անզօր կը հետեւի, թէ ինչպէս կը հետապնդեն եւ կ’ոչնչացնեն քրիստոնեաներուն Միջին Արեւելքի մէջ:
Հեղինակը կ’եզրափակէ յօդուածը` յիշեցնելով, որ Հռոմի պապը Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն հետ միասին խնդրած է, որ աստուածային ողորմութիւնը ««Մեզ բոլորիս օգնէ ճշմարտութեան եւ արդարութեան հանդէպ սիրով ամոքել ամէն վէրք եւ ձեռնարկել յստակ քայլեր` հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու ազգերու միջեւ, որոնք դեռ համաձայնութեան չեն հասած այսպիսի վշտալի իրադարձութիւններու մեկնման հարցին մէջ»:
Հռոմի պապի այս խօսքերը մէջբերած է նաեւ korazym.org իտալական կայքը, որ կը գրէ, որ մէկ դար անց Ցեղասպանութիւնը իրականացնողներու ժառանգները կը շարունակեն ժխտել այն: Կայքը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս տեղի ունեցած է հայերու ոչնչացումը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ 100 տարի առաջ եւ կը նշէ, որ Հայաստանի խորհրդարանը միաձայն օրինագիծ ընդունած է, որմով կը դատապարտէ 1915 եւ 1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ ասորի եւ յոյն ժողովուրդներու կոտորածները:
Կայքը անդրադարձած է նաեւ Հռոմի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին նուիրուած Մարտին իրականացուած «Պատմութիւն եւ պատմութիւններ: Պատմութիւններ եւ վկայութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան մասին» համաժողովին, ուր յայտնի գերմանացի հրապարակախօս, ցեղասպանութեան տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ գերմանական ստորաբաժանումներուն մէջ ծառայութեան ժամանակ իր տեսածն ու ապրածը գրի առած Աիրմին Վէկների որուն` Մայքլ Վէկները յիշեցուցած է իր հօր պատմական աշխատանքը: