«Հարաւկովկասեան Երկաթուղին» Կը Զարգացնէ Համագործակցութիւնը Իրանի Հետ Հարաւային Երկաթուղիի Կառուցման Հարցով

«Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան  գլխաւոր տնօրէն Վիքթոր Ռեպեցը անցեալ շաբաթ Իրան կատարած իր այցի ծիրին մէջհանդիպումներ   ունեցած է երկրի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ փոխադրամիջոցներու նախարարութեան ղեկավարութեան հետ:
Երկկողմանի հանդիպումներու ծիրին մէջ կողմերը քննարկած են Հարաւային երկաթուղիի կառուցման հեռանկարները, այս ուղղութեամբնախատեսուող բեռնափոխադրումներու ծաւալները, ինչպէս նաեւ հայկական Երասխ կայարանի հիմքի վրայ նոր  կեդրոնի կառուցմանհնարաւորութիւնները:
Մօտ 3 միլիար ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ «Հայաստանի հարաւային երկաթուղի» եւ «Հայաստանի հարաւային արագընթաց ճանապարհ» ծրագիրներու մեկնարկի մասին յայտարարուած էր 2013 թուականի յունուարին: Այդ ժամանակ «ՀԿԵ» ՓԲԸ, ՀՀ փոխադրութեան եւ կապինախարարութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գրանցուած   «Ռասիա ՖԶԷ» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած էՓոխհամաձայնութեան մասին յուշագիր:
Տուպայի մէջ տեղակայուած «Ռասիա» ընկերութիւնը արդէն կ’իրականացնէ լայնածաւալ գործունէութիւն` նախագիծերու տեքնիկատնտեսական հիմնաւորման մշակման, նախագծման, ֆինանսաւորման, զարգացման եւ շահագործման համար առեւտրականընկերակցութեան ստեղծման ռազմավարութեան հիման վրայ:
Scroll Up