Ամերիկահայ փրոֆէսորը Վատիկանի մէջ կայանալիք պատարագը կը համարէ Թուրքիոյ ուղղուած նոր «ապտակ»

Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ Ապրիլ 12-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առնչութեամբ մատուցուող պատարագը նոր «ապտակ» մըն է Թուրքիոյ համար: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբˋ Ապրիլ 10-ին լրագրողներուն հետ հանդիպման նման տեսակէտ յայտնեց ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի «Նորթրիճ» համալսարանի հայագիտական ծրագիրներու ղեկավար, դոկտոր, փրոֆէսոր Վահրամ Շեմմասեան:
Հայ փրոֆէսորի գնահատմամբ` Վատիկանի մէջ կայանալիք արարողութիւնը մեծ հնչեղութիւն եւ նշանակութիւն կը ստանայ: «Հռոմի Պապը հոգեւոր առաջնորդ է, սակայն անոր այս քայլը ոչ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ քաղաքական մեծ նշանակութիւն ունի»,- պարզաբանեց Շեմմասեան: Ան ծիծաղելի համարեց Թուրքիոյ Նախագահ Էրտողանի որոշումըˋ Կալիպոլիի ճակատամարտի յաղթանակը նշել Ապրիլ 24-ին, եւ աւելցուց, որ վաղ թէ ուշ այդ երկիրը ստիպուած պիտի ըլլայ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առնչութեամբ ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ կայանալիք արարողութիւններուն, ապա ամերիկահայ փորֆէսորը ըսաւ, որ ատոնք սկսած են դեռեւս նախորդ տարուընէ:
Ապրիլ 24-ին Լոս Անճելըսի Հոլիւուտ շրջանին մէջ տեղի կ’ունենայ միջեկեղեցական հոգեհանգստեան արարողութիւն: Բացի այդ, կը նախատեսուի «Արդարութեան երթ»` մեծ թիւով հայերու մասնակցութեամբ: Հայոց
ցեղասպանութեան տարելիցի ձեռնարկները կը շարունակուին նաեւ Ապրիլ 25-ինˋ ԱՄՆ տարբեր քաղաքներու մէջ: