Թրքական կառավարութիւնը ստելու համար պէտք է բացատրութիւն տայ իր ժողովուրդին. Սերժ Թանկեան
Աշխարհռչակ ռոք-երաժիշտ Սերժ Թանկեան Reddit ընկերային կայքին մէջ պատասխանած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հարցերուն, կը տեղեկացնէ Արցախփրէսը:
Կայքի «Ես եմ…»` (AMA) բաժինին մէջ մարդիկ հնարաւորութիւններ ունեցած են հարցեր ուղղելու «System of a Down» ռոք խումբի անդամներ Սերժ Թանկեանին ու Ճոն Տոլմայեանին ու ստանալու պատասխաններ:
Հայ օգտատիրոջ հարցին ի պատասխան, թէ ինչ պէտք է ընեն հայերը, որպէսզի յաջորդող 100 տարիները դարձնեն Հայաստանի ապագային, ոչ թէ անցեալին ուղղուած, Սերժ Թանկեան գրած է. «Ես լիովին կը հասկնամ ձեզի: Ցեղասպանութիւնն ու ատոր ճանաչման հասնելու մեր ձգտումը ամրապնդուած է մեր ազգային յիշողութեան մէջ եւ դարձած մեր ժողովուրդին բնորոշ ամենատարածուած բնութագրիչը: Ոչ մէկ մշակոյթ երբեք չի ցանկար ընդմիշտ զոհի կարգավիճակին մնալ: Բայց արդեօք պէ՞տք է այն կլանէ մեր մշակութային գանձերը: Արդեօք այն, ինչ մենք կ’ըսենք System of Down-ով, զոհի կարգավիճակին չմնալու կատարեալ միասնութիւնը չէ՞: Ներկայացնել մեր մշակութային արժէքները` պայքարելով արդարութեան համար` մէկը առանց միւսին անդառնալի կորուստ կ’ըլլայ»:
sisman61 անունով օգտատէրը գրած է. «Իբրեւ թուրք, ով կը լսէ ձեր երգերը, ես կարծեմ, որ ատոնք հիանալի են: Ինչ կը վերաբերի Ցեղասպանութեան, շատ թուրքեր, կարծես, կը վախնան հատուցման ծախսերէն կամ այն իբրեւ
պատրուակ կ’օգտագործեն` ներողութիւն չխնդրելու համար, որ կը յանգեցնէ, որ այս ոճրագործութիւնը արդարացի լուծում չստանայ»: Անոր Սերժ Թանկեան պատասխանած է այսպէս. «Շնորհակալութիւն հարցին համար: Շատ լաւ հարց է: Կը կարծեմ` դուք շատ լաւ ձեւակերպեցիք, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը վախնայ փոխհատուցումէն եւ իրաւունքներու վերականգնումէն: Ես կ’ենթադրեմ, որ երբ ապատեղեկատուութեան եւ դիւանագիտութեան վրայ կատարուող ծախսերը գերազանցեն հատուցման ծախսերը, մենք կրնանք տեսնել որոշ տեղաշարժեր: Այստեղ նաեւ այլ խնդիր մը կայ, թէ ինչպէս թրքական կառավարութիւնը կը բացատրէ իր ժողովուրդին, որ ստած է այս բոլոր տարիներուն: Սա եւս կը խոչընդոտէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման»:
Այս տարուան Ապրիլ 23-ին System of a Down խումբը մենահամերգով հանդէս կու գայ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ` եւս մէկ անգամ միլիոնաւոր մարդոց հայեացքը ուղղելով Հայոց ցեղասպանութեան վրայ` կոչ ընելով ճանչնալու ու դատապարտելու զայն: