Բանախօսութիւն- վիճարկում. «Ապրիլ 24-ը Պոլսոյ մէջ»
ՀԲԸՄ-ի Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» սրահին մէջ, Յունիս 19ին, այս վերնագրին տակ կազմակերպուած էր երեկոյթ մը, որ համախմբած էր շուրջ 60 հետաքրքրասէրներ: Նպատակն էր ներկայացնել 2013 Ապրիլ 24ին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչումներուն՝ Եւրոպայէն պատուիրակութեան մը մասնակցութեան հանգամանքները, ինչպէս նաեւ վիճարկել նիւթին շուրջ: Այս պատուիրակութեան մաս կազմած են գլխաւորաբար ՀԲԸՄ-ականներ բայց նաեւ անոր մաս չկազմող Հայեր ալ:
Նախ նշենք, որ այս մասնակցութիւնը կարելի եղած էր իրագործել հակացեղապաշտական եւրոպական EGAM (European Grassroots Antiracist Movement) կազմակերպու-թեան, ՀԲԸՄ-ի եւ Թուրքիոյ DurDe կազմակերպութեան գործակցութեամբ: Այս վերջինը կը պայքարի ամէն տեսակի ցեղապաշտութեան, ցեղային խտրականութեան, ազգայնամոլութեան եւ ատելավառ յանցանքներու դէմ:
Երեկոյթի զրուցավարութիւնը ստանձնած էր ՀԲԸՄ-Փարիզի նախագահ Սասուն Սոժի: Բեմին վրայ տեղ գրաւած էին ՀԲԸՄ-Եւրոպայէն Նիքոլա Դաւիթեան եւ EGAM-էն Պենժամէն Ապթան:
Զրուցավարը նախ Սքայփի միջոցաւ կապ հաստատեց Պոլսէն՝ «DurDe»ի ներկայացուցիչներէն Լէվէնթ Սէնսէվէրի հետ: Անգլերէնով (դժբախտաբար թարգմանութեան ոչ մէկ միջոց նախատեսուած էր), ան բաւական երկար արտայայտուեցաւ, ոչ միայն օրուան նիւթին, այլ նաեւ ինքզինք պարտադրող ներկայ օրակարգին՝ Թուրքիոյ իրադարձութիւններուն մասին: Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան, Սէնսէվէր գնահատելով հանդերձ վերջին Ապրիլ 24ին արձանագրուած այս զարգացումը, շեշտեց թէ նման ոճիրի մը՝ տարին միայն անգամ մը ոգեկոչումը բաւարար չէ: Ընդգծեց դէպքերը միասնաբար յիշելու եւ դատապարտելու կարեւորութիւնը: Պատասխանեց նաեւ կարգ մը հարցումներու:
Ապա, երկրորդ խօսք առնողը եղաւ Նիքոլա Դաւիթեան: Ան, նախ ուզեց շեշտը դնել այս նախաձեռնութեան մէջ՝ DurDe-ի կարեւոր դերին վրայ, աւելցնելով, թէ առանց անոր, բայց նաեւ առանց EGAM-ին, կարելի եղած պիտի չըլլար իրագործել նման նախաձեռնութիւն: Մինչ ետեւի պաստառին վրայ, լուսարձակի միջոցով կը տողանցէին ոգեկոչման արարողութիւններէն եւ պատուիրակութեան Պոլիս կեցութեան օրերէն լուսանկարներ, Դաւիթեան նշեց, թէ շուրջ 20 տարբեր երկիրներէ անձեր ներկայ էին հոն: Պատմեց նաեւ իրենց հանդիպումներուն, այցելութիւններուն մասին, բնականաբար շատ աւելի մանրամասն նկարագրելով երկու ոգեկոչումներու՝ նախ Սուլթանահմէտի Իսլամական արուեստներու թանգարանին առջեւ տեղի ունեցածին, հոն՝ ուր 1915ին համախմբած էին ձերբակալուած առաջին հայ մտաւորականները, ապա նաեւ Թաքսիմի հրապարակինը: Դաւիթեան ըսաւ, որ ժողովուրդին որոշ խաւին մօտ ակներեւ է ոգեկոչելու կամքը, բայց նշեց նաեւ, թէ պէտք չէ մոռնալ որ իշխանութիւններուն կողմէ ալ նկատելի էր որոշ լայնախոհութիւն:
Ապա, խօսք առաւ Պենժամէն Ապթան, որ նախ շեշտեց, թէ ցեղասպանութիւնը ամէն բանէ առաջ քաղաքական ոճիր է, ուրեմն իրենք ալ անոր դէմ քաղաքական պայքար կը մղեն: Ըսուեցաւ նաեւ, որ այսօր ապրող Թուրքերէն ոչ մէկը յանցաւոր է պատահածին առընչութեամբ, բայց անոնք պատասխանատւութիւնն ունին զայն ճանչնալու: Ան խօսեցաւ նաեւ քարոզչութեան առումով՝ իրենց ներկայութեան կարեւորութեան մասին: Շեշտուեցաւ նաեւ, որ 2010էն ի վեր, երբ սկսան Թուրքիոյ մէջ ապրիլեան ոգեկոչումները, տարուէ տարի կը մեծնայ մասնակիցներու թիւը: Ապթան աւելցուց նաեւ, որ քաղաքացիական ընկերութեան մէջ նշմարած են Հայկական Հարցին աւելի ստուար տեղ տրամադրելու, ոգեկոչումները շատ աւելի մեծ թիւով քաղաքներու տարածելու միտումը: Թելադրեց, չշփոթել՝ քաղաքացիական ընկերութիւնն ու պետութիւնը: Ըսաւ նաեւ, որ 2015ի սեմին, պէտք է բազմապատկել նման ջանքերը:
Խօսք առաւ նաեւ Ալեքսի Կէօվճեան, ՀԲԸՄ-Եւրոպայի նախագահը, որ ինք ալ մաս կազմած է պատուիրակութեան: Ան եւս բաւական դրական տպաւորութիւններով վերադարձած ըլլալ կը թուէր: Նոյնպէս, «ՎԱՆ» խմբակցութեան (Collectif VAN – Vigilence Arménienne contre le Négationisme) նախագահուհին՝ Սեդա Փափազեան, որ պատուիրակութեան հետ Թուրքիա մեկնածներէն էր: Ան փոխանցեց իր վկայութիւնը ու յայտնեց, թէ զարմացած էր Թուրքիա մուտքի արգելքի չհանդիպելով, որպէս բաւական թաթաւուն հայ գործիչ:
Արդէն թեւակոխած էինք հարցում-պատասխաններով վիճարկումի բաժինը, ուր սկսած էին վկայութիւններու ներկայացումներն ալ:
Սրահին մէջ գրեթէ դրական, չըսելու համար՝ յաղթական մթնոլորտ մը կը տիրէր՝ հոսանքն ի վեր մէկ-երկու արտայայտութիւնները բացառելով, երբ խօսք ուզեց «աներեր կաղնի»ն՝ Իվ Թէրնոնը: Ան գնահատելէ ետք այս նախաձեռնութեան հերոսները, ըսաւ. «Ես երբեք ոտքս չեմ դներ Թուրքիա եւ պիտի չդնեմ ալ, այնքան ատեն, որ այդ երկիրը չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ձեզ՝ բոլորդ ալ խոհեմութեան կը հրաւիրեմ: Միամիտ (naïf) մի ըլլաք»:
Անոր այս խօսքերը ամենայն յօժարութեամբ կը գործածենք որպէս վերլուծում եւ վերջաբան:
Թ. Շ.
«Նոր Յառաջ»