Քորսիքայի Վեհաժողովին Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի նախագիծ ներկայացուած է

Քորսիքայի Վեհաժողովի յառաջիկայ նստաշրջանի առիթով «Femu A Corsica» քաղաքական դաշնութեան անունէն Ժան Պեանկուչչը Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի նախագիծ ներկայացուցած է : Այս մասին կը գրէ News.am-ը` յղում ընելով «Corsica Infurmazione»-ին:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ 1915 թուականի Ապրիլ 24-ին երիտթուրքերու վարչակարգը Օսմանեան կայսրութեան հայերու կոտորածներ  սկսած է, որ յանգեցուցած է 1.5 մլն հայերու բնաջնջման, իսկ ողջ մնացածները սփռուած են աշխարհով մէկ:

«Քորսիքայի ժողովուրդը, ընտրովի պաշտօնատար անձիք պէտք է իրենց ներդրումը ունենան հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած այդ յանցագործութեան գիտակցման եւ ճանաչման գործին մէջ»,- ըսուած է բանաձեւի նախագիծին մէջ:

Բանաձեւի հեղինակները ընդգծած են, որ Քորսիքայի Վեհաժողովը կը պահանջէ, որ Թուրքիան ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, մաղթած են, որպէսզի այն ներդաշնակ յարաբերութիւններ հաստատէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, ինչպէս նաեւ  Ֆրանսայի կառավարութեան կոչ կ’ընեն այդ փաստաթուղթը փոխանցել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ իրաւասու մարմիններուն:

Scroll Up