Թուրքիոյ մէջ ասորիները 1915 թ. Ցեղասպանութեան դէմ 100 ժամեայ հացադուլ պիտի ընեն

Թուրքիոյ մէջ ապրող ասորիները առաջին անգամ բողոքի  դուրս եկած են 1915-ին տեղի ունեցած  Ցեղասպանութեան դէմ, կը գրէ News.am–ը:

Թրքական CNNturk-ի փոխանցմամբ`  Թուրքիոյ Մարտինի ասորական միութեան նախագահ Եուհաննա Աքթաշ նշած է, որ Թուրքիան պէտք է առերեսուի անցեալի հետ եւ ճանչնայ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը:

Աքթաշ շեշտած է, որ Թուրքիոյ ասորիները Ապրիլ 20-ին 100 ժամեայ հացադուլ սկսած են, որ կ’աւարտէ Ապրիլ 24-ին: Ան ըսած է, որ բացի հացադուլէն, Յունիսին պիտի կազմակերպեն նաեւ «Մեծ երթ» անունը կրող երթ:

«Մեր նպատակն է, որ Թուրքիան ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Անցած ամէն մէկ տարուան համար մէկ ժամ հացադուլ պիտի ընենք: Կ’ուզենք, որ վերջ դրուի ցեղասպանութեան ժխտման եւ ճանչցուի զայն»,- ըսած է Եուհաննա Աքթաշ:

Scroll Up