Քառորդ դար անցած է, սակայն Արցախի պատերազմը աւարտած չէ. Արաբական մամուլ
“Հայերն Այսօր”-ի տեղեկացմամբ «Ալնահար» կայքէջին մէջ Պէյար Աթալլան կը գրէ, որ Արցախը կամ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը շատ փոխուած է 1990թ, էն ի վեր, եւ այն թուականէն երբ ան անջատուեցաւ Ատրպէյճանէն` իր ոխերիմ թշնամիէն: Արդէն անցած է 25 տարի այն արիւնալի պատերազմէն, որ հայերը մղեցին ազերիներուն դէմ վասն ազատութեան եւ անկախութեան, եւ որպէսզի ցեղասպանոթիւնը երկրորդ անգամ չկրկնուի:
Քառորդ դար անցած է, սակայն պատերազմը աւարտած չէ տակաւին, չանցնիր մէկ օր, որ Արցախի եւ Ատրպէյճանի ռազմաճակատին (300 քմ երկարութիւն ունի) վրայ տեղի չունենան դիպուկահարներու կրակոցներ եւ պայթիւններ:
Ղարաբաղը (Արցախը) ամբողջական պետութիւն մըն է, իր ընտրուած նախագահով ի դէմս Բակօ Սահակեանի, ընտրովի խորհրդարանով , որ շուտով կ’ընտրուին նոր անդամներ յաջորդ Մայիս 3-ին, կառավարութիւնով, պետական պիւտճէով, ոստիկանական ոյժերով եւ բանակով ու հազարաւոր պահեստայիններով, իր 320 դպրոցներով եւ 14 համալսարաններով (պետական եւ մասնաւոր), հեռուստակայանով եւ ռատիոկայանով , քաղաքային եւ բջջային հեռահաղորդակցական ցանցով, եւ ամէն ինչ որ հարկաւոր է պետութեան մը պետութիւն կոչուելու:
Ամենակարեւորը, որ ան ունի գոյութեան խնդիր: Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասնակցած լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նախագահ Բակօ Սահակեան ըսած է, որ «Միջազգային հանրութիւնը չի կրնար շարունակել անտարբեր մնալ Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանէն անկախ ապրելու հայ ժողովուդրի իրաւունքին հանդէպ, այն տարածքին մէջ որոնք կազմած են եւ կը կազմեն բացարձակ մեծամասնութիւնը թերեւս 3-րդ հազարամեակէն սկսեալ:
Յօդուածի աւարտին Աթալլան մեջբերում կատարած է Բակօ Սահակեանի խօսքէն Արցախի հարցի մասին , «Արցախահայութիւնը իրենց պայքարի սկիզբը ուզեցին միանալ Հայաստանին, սակայն դէպքերը այլ կերպ զարգացան, հետեւաբար անոնք 25 տարի է ի վեր կ’աշխատին կանգուն պահել իրենց անկախ պետութիւնը, եւ կը ջանան միազգային ճանաչում ձեռք բերել», Աթալլան կ’աւելցնէ, Արցախը հայ ժողովուրդին համար ուխտատեղի է եւ տուն ինչպէս , որ Մաքքան իսլամներուն համար, եւ այդ հարցով մենք զիչելու տեղ չունինք: