Թրքական ԶԼՄ-ներ. «Քիմ Քարտաշեանը ցեղասպանութեան մասին փաստագրական ֆիլմ պիտի նկարահանէ»
Թրքական շարք մը ելէկտրոնային լրատուամիջոցներ անդրադարձած են աշխարհահռչակ ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանի` Հայաստան կատարած այցին, կը գրէ ermenihaber.am:
Յառաջատար լրատուամիջոցներէն «Hurriyet»-ը, «Vatan»-ը, «Haber 3»-ը, «A24»-ը եւ տասնեակ այլ լրատուական կայքեր, լուսաբանելով Քարտաշեաններու ընտանիքի երեւանեան այցը, ընդգծած են, որ նախատեսուած է այցի ընթացքին նկարահանել Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով փաստագրական ֆիլմ:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն` Քիմ Քարտաշեան իր ամուսնուն, դուստրին եւ քրոջ հետ 8 օր պիտի մնայ Հայաստանի մէջ, որուն ընթացքին ալ հաւանաբար կը նկարահանուի Ցեղասպանութեան մասին պատմող փաստագրական ֆիլմը:
Բացի այդ Քարտաշեանի հայաստանեան շրջագայութիւնը կը ցուցադրուի հանրայայտ «Keeping Up With Kardashian» իրապատում շոուի միջոցով: Կը նշուի նաեւ Գիւմրի կատարելիք Քիմի հնարաւոր այցելութեան մասին, ուր ենթադրաբար կը բնակի Քարտաշեաններու հետ ազգակցական կապ ունեցող գերդաստան: