Իտալահայոց միութեան նախագահը այցելեց Զուիցերիա

Այս օրերուն չափազանց լարուած եւ զբաղած կ’անցնին Իտալահայոց միութեան նախագահ Պայքար Սվազլեանի աշխատանքային օրերը: Փրոֆէսոր Սվազլեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրին մէջ մէկ համաժողովէ միւսին կը շտապէ` իրականացնելով տարբեր զեկոյցներ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան: Վերջերս ալ Իտալահայոց միութեան նախագահը այցելեց Զուիցերիոյ Լուկանօ քաղաք, ուր ներկայ գտնուած է խաչքարերու զարդանախշերու լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման:
Ցուցահանդէսին ներկայ եղած են նաեւ Լուկանոյի քաղաքապետը եւ այլ պաշտօնեաներ: ցուցահանդէսէն յետոյ իտալահայոց միութեան նախագահ Պայքար Սվազլեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած հարցազրոյց մը տուած է զուիցերական կեդրոնական հեռուստատեսութեան: Ապրիլ 25-ին այս հարցազրոյցը, մնացած բոլոր նիւթերուն հետ մէկտեղ, պէտք է ցուցադրուի զուիցերական հեռուստատեսութեամբ: