Լիբանանի ԱԳ նախարարն ու խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը Ապրիլ 24-ին կ’այցելեն Ծիծեռնակաբերդ

Լիբանան պետական մակարդակով ներկայ կը գտնուի Ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութեան ու կը յարգէ անմեղ նահատակներու յիշատակը: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին Լիբանանի մէջ հրատարակուող «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Լիբանանի յանձնախումբի փոխատենապետ Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ Լիբանանէն Երեւան կը ժամանեն երկրի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու պատուիրակութիւնները:

«Ապրիլ 24-ին Երեւան կ’այցելէ Լիբանանի կառավարութեան 4 հոգինոց պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են Արտաքին գործոց եւ Ուժանիւթի նախարարները: Բացի գործադիր մարմինէն, Երեւան կ’այցելէ նաեւ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` ԱԺ փոխնախագահն ու պատգամաւորներ»,- ըսաւ Շահան Գանտահարեան:Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ կայանալիք ձեռնարկներուն, «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիրը ըսաւ, որ Անթիլիասի` Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Նահատակած մատուռին մօտ Ապրիլ 24-ին տեղի պիտի ունենայ պատարագ, որուն պիտի յաջորդէ քայլարշաւ դէպի Պուրճ Համուտ: «Այս տարուան քայլարշաւը ոչ միայն պահանջատիրական է, այլեւ զօրակցական, քանի որ պիտի մասնակցին նաեւ Լիբանանի քաղաքական, հասարակական ոլորտի ներկայացուցիչները: Պէյրութի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ երիտասարդական «Պատուոյ պահակ» եւ համերգ: Ամրան Ճպէյլի մէջ պիտի բացուի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի թանգարան, իսկ Պիքֆայայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Նահատակաց հրապարակի բացումը»,- ըսաւ Գանտահարեան: Ան շեշտեց, որ Իսլամական պետութեան գործողութիւններուն հետեւանքով Լիբանանի մէջ որոշակի փոփոխութիւն կը նկատուի եւ յատկապէս երկրի քրիստոնեայ բնակչութեան մօտ հաւաքական յիշողութիւն կը նկատուի եւ այդ փոփոխութիւնը կը դրսեւորուի հրատարակութիւններով, ելոյթներով, ուր անոնք կը յիշեն, որ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ սպաննուած են նաեւ լեռնալիբանանի ժողովուրդը: Լիբանանի կառավարութիւնը որոշած է պատուիրակութիւն ուղարկել Թուրքիա` Կալիպոլիի ճակատամարտի 100-ամեակին մասնակցելու համար: «Օրէնսդիր մարմինէն պատուիրակութիւն չըլլար, իսկ գործադիր մարմինի պատուիրակութիւնը պիտի ղեկավարէ երկրի պաշտպանութեան նախարարը»,- ըսաւ Գանտահարեան:

Scroll Up