Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը լուսաբանող գերմանացի լուսանկարիչ-թղթակիցին չեն արտօնած Թուրքիա մտնել

Գերմանական Der Spiegel պարբերականի լուսանկարիչ-թղթակից Էնտի Շփիրան, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով լրատւութիւն պատրաստելու նպատակով ուզած է Թուրքիա մտնել, չի յաջողած։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնէ թրքական «Ռատիքալ» պարբերականը:

Մարտ 28-ին Աթաթուրքի օդակայան հասած լրագրողին չեն արտօնած մուտք գործել երկրի տարածք: Թրքական կողմը իր որոշումը հաստատած է ըսելով, թէ վերջինս անդամ է իսլամիստական «Իրաքի եւ Լեւանտի իսլամական պետութիւն» խմբաւորման:

Շփիրան նշած է, որ նախապէս քանի մը անգամ այցելած է Թուրքիա, սակայն որեւէ խնդիր չէ ունեցած այնտեղ: Թղթակիցը նշած է, որ նախապէս նոյնպէս պատրաստած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեղեկատւութիւն, եւ հաւանական է, որ թրքական իշխանութիւնները այդ հարցին է, որ բացասական կը վերաբերին:

Scroll Up