100-ամեակի մարմինը այցելեց Հայ կաթողիկէ Պատրիարքին

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը այցելեց հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր տէր Ներսէս-Պետրոս  ժԹ. պատրիարքին։ Մարմինը իր գոհունակութիւնը յայտնեց հոգեւոր տիրոջ՝  Ֆրանչիսկոս պապին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ կատարած յայտարարութիւններուն գծով։

Այնուհետեւ հոգեւոր տէրը զեկուցեց Վատիկանի մէջ պապին հետ կայացած հանդիպումին, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան եւ Հայ դատի իրաւացիութեան նկատմամբ պապին ունեցած մտածումներուն եւ դիրքորոշումներուն մասին։

Այնուհետեւ զրոյցը կեդրոնացաւ Ֆրանչիսկոս պապին յայտարարութիւնններուն դիմաց ստեղծուած Թուրքիոյ բողոքներուն, Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Վատիկանի արխիւներուն եւ 100-ամեակին առիթով պապին Երեւան կատարելիք հաւանական այցելութեան վրայ։

«Ազդակ»

Scroll Up