Հրապարակուած է Ապրիլ 24-ին Սթամպուլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ժամանակացոյցը

Թուրքիոյ մէջ գործող DurDe հարթակը, որ առաջին անգամ Հայոց ցեղասպանութիւնը Սթամպուլի Թաքսիմ հրապարակին վրայ յիշատակած էր 2010 թուականին, ամէն տարի աւելի մեծ թիւով մասնակցիներ կ’ունենայ:
Արցախփրէսի փոխանցմամբ` կազմակերպութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է` նշելով, որ այս տարուանը նախորդներէն պիտի տարբերի, քանի որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարին հայկական սփիւռքի աւելի մեծ թիւով ներկայացուցիչներ պիտի մասնակցին ձեռնարկներուն:
Այդ նպատակով DurDe-ն կը համագործակցի շարք մը միջազգային կառոյցներու ու հայկական սփիւռքի միութիւններու հետ, ներառեալ` ՀԲԸՄ-ի, ԱՄՆ-ի մէջ հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներու նախաձեռնած «Project 2015»-ի, եւրոպայի եւ այլ կառոյցներու հետ:
Ապրիլ 24-ին Սթամպուլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկին մասնակիցները նախ պիտի այցելեն 2011 թուականի Ապրիլ 24-ին զինուորական ծառայութեան ընթացքին սպաննուած ազգութեամբ հայ Սեւակ Շահին Պալըքչըի շիրիմը:
Անկէ յետոյ սփիւռքի ներկայացուցիչներն ու մարդու իրաւունքներու հարցերով գործիչները պիտի հաւաքուին Թաքսիմ հրապարակին վրայ: