«Նուբար» Համոյթը «Երգենք Միասին» Խորագիրով Համերգին Կը Հրաւիրէ Բոլորին

«Նուբար» աւանդական երգի-պարի համոյթը յուլիս 2-ին «Նարեկացի» արուեստիմիութեան մէջ հանդէս կու գայ «Երգենք միասին» համերգային ծրագիրով: Այս մասինինչպէս «Արմէնփրէս»-ին կը տեղեկացնեն միութենէն, «Երգենք միասին» համերգայինշարունակական ծրագիրով «Նուբար» համոյթը նպատակ ունի ոչ միայն վերադարձնելմիասին երգելու աւանդոյթը, այլ ապացուցել, որ հայ երգը ամենեւին ալ տխուր չէ, այլճիշդ հակառակը:

«Նուբարը» հիմնադրուած է 2006 թուականին, համերգներ  ունեցած է ոչ միայնմայրաքաղաքին մէջ, այլ Հայաստանի մարզերուն, սահմանամերձ գիւղերուն,Ջաւախքի, Արցախի մէջ, մասնակցած է  շարք մը միջազգային փառատօններու`Պուլկարիոյ, Իտալիոյ  եւ այլուր:
«Նուբարի» խաղացանկի հիմնական մասը պարերգերն են, որուն միջոցով կըներկայացուին հայ աւանդական տօները, ծէսերն ու սովորոյթները: Համոյթիգեղարուեստական ղեկավարն է երաժշտագէտ Լուսինէ Նազարեան:
Scroll Up