Հայաստանի Մէջ Բացուած է Զէնքի եւ Զինամթերքի Նոր Գործատուն

Ապրիլ 2-ին, պաշ­տօ­նական արա­րողու­թեամբ բա­ցու­մը կա­տարուած է զէն­քի եւ զի­նամ­թերքի նոր գոր­ծա­տան մը: Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ գտնուած է նաեւ ՀՀ Պաշտպա­նութեան նա­խարար Սէյ­րան Օհա­նեան: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի գրասենեակը։

Այս առ­թիւ, նա­խարա­րը յայտնած է, որ գոր­ծա­տու­նը պի­տի ար­տադրէազ­գա­յին բա­նակի ամե­նէն կա­րեւոր եւ մար­տունակ ստո­րաբա­ժանումնե­րէն մէ­կուն՝ ՀՕՊ (հա­կօդա­յին պաշտպա­նու­թիւն) զօ­րատե­սակի յա­տուկ սար­քեր, նաեւ՝ պի­տի ապա­հովէ սպա­ռազի­նու­թեան եւ ռազ­մա­կան սար­քե­րու նո­րոգու­թիւննե­րը: Ս. Օհա­նեան աւել­ցուցած է, որ բա­ցիատ­կէ` այսպէ­սով կը ստեղ­ծուին նոր աշ­խա­տանքներ` նպաս­տե­լով նաեւ Հա­յաս­տա­նի ըն­կերա-տնտե­սական խնդիր­նե­րու լու­ծումին:

Scroll Up