Հայաստանի պարի պետական խումբը ելոյթ պիտի ունենայ Մարսէլի մէջ
Հոկտեմբեր 17-ին Հայաստանի Պարի պետական խումբը ելոյթ պիտի ունենայ Մարսէլի մէջ: Համերգը կ’իրականանայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ Մարսէլի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ:
Տեղեկացնենք, որ այն նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, ինչպէս նաեւ Մարսէլի Համազգային վարժարանի հիմնադրման 35-ամեակին:
Աշխատանքներ կը տարուին Գերմանիոյ հայ համայքներուն մէջ նոյնպէս Հայաստանի պարի պետական խումբի ելոյթները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ:
Այս ամէնուն մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութիւնը: