Հեռաժողով Կելենճիկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ
Ապրիլ 1-ին տեղի ունեցաւ հեռաժողով Կելենճիկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որուն կը մասնակցէին Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան, նախարարութեան համապատասխան ստորաբաժանումներու ղեկավարներ եւ աշխատակիցներ:
Կելենճիկի հայ համայնքէն հեռաժողովին կը մասնակցէին Ռուսաստանի հայերու միութեան Կելենճիկի բաժանմունքի նախագահ Սուրէն Վարդանեան, տեղի բաժանմունքի Հայկական մշակոյթի կեդրոնի ղեկավար Գայեանէ Առաքէլեան, ներկայացուցիչներ Թուապսէյէն եւ Նովոռոսիյսկէն:
Ողջունելով տեսաժողովի մասնակիցները` Ֆիրտուս Զաքարեան շնորհաւորեց Մշակութային կեդրոնի հիմնադրման միամեակի առիթով` ընգծելով մշակոյթի կարեւորութիւնը ինքնութեան պահպանման հարցին մէջ: Ֆ. Զաքարեան յորդորեց նաեւ առաւել աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն:
Հայկական մշակոյթի կեդրոնի ղեկավար Գայեանէ Առաքէլեան նշեց, որ կեդրոնը կ’ընէ հնարաւոր ամէն ինչ հայապահպանութիւնը եւ ազգային ինքնագիտակցութիւնը բարձր պահելու համար: Ան նաեւ ցանկութիւն յայտնեց, որ նման հեռաժողովներ առաւել յաճախ ըլլան: