Կայացաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի 2015թ. անդրանիկ նիստը

Ապրիլ 1-ին տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի 2015-ի առաջին նիստը, զոր կը վարէր «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի նախագահ Շահան Գանտահարեանը:

 Նիստին կը մասնակցէր ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան:

Նիստի օրակարգն էր .

-լրատուական խորհրդաժողով. ակնկալուած լուսաբանման աշխարհագրութիւնը եւ շեշտադրումները,

-Ապրիլ 24-ին ընդառաջ հայատառ եւ օտարալեզու լրատուամիջոցներու կողմէն տարածաշրջաններու մէջ ձեռնարկներու լուսաբանման աշխատանքներու վերաբերեալ

-2015-ին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացներուն մասնակցութիւն ապահովելու մասին:

 Ներկայացնելով «Արարատի ստորոտին» խորագիրով  5-րդ միջազգային լրատուական խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուած հարցերը, մասնակիցներու կողմէն ընդունած հռչակագիրը եւ ներկայացուցչական կազմը՝ «Հայերն այսօր» ել. թերթի գլխաւոր խմբագիր Նայիրի Մկրտիչեանը նշեց, որ ֆորումը լայն արձագանգ գտած այլ երկիրներու լրատուամիջոցներով, մասնաւորապէս թուրքաատրպէյճանական մամուլի:  ՀՀ Նախագահի ելոյթը տպագրուել եւ մեկնաբանուել է թուրքական ինչպէս ընդդիմադիր, այնպէս ալ իշխանամէտ լրատուամիջոցներու մէջ /TRT, CnnTurk, Aksam/: «Ուշագրաւ է, որ թուրք իշխանական լրատուամիջոցները, արձանագրելով, որ Նախագահ Սարգսեանը ելոյթ ունեցած է միջազգային լրատուական խորհրդաժողովին, այնուամենայնիւ չեն նշած խորհրդաժողովի անուանումը՝ Արարատի ստորոտին», – ըսաւ Ն.Մկրտիչեան՝ աւելցնելով,- իսկ Ատրպէյճանը իր հերթին ֆորումին մասնակցող եւ Արցախ այցելած 30 լրագրողներու անունները ներառած է, այսպէս կոչուած՝ սեւ ցուցակի մէջ»:

 Ն.Մկրտիչեան առանձնացուց արաբական լրատուամիջոցներու անդրադարձը խորհրդաժողովի աշխատանքներուն,- «Ֆորումին հնչած ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքէն երկար հատուածներ հրապարակուած են արաբական «Ալ Ղատ», «Ալ Մուխթասար նիւզ», «Արաբ ինդեքս», «Ալ Կուռնալ», «Սահմ Միսր», «Շամլ 24», «Գայրօ նաու», «Ալ Մուճեզ», «Ալ մասրի Ալէաում», «Ալ Մուպաշըր Մասր» եւ «Մասրես» պարբերականներու մէջ», – ընդգծեց խմբագիրը:

 Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի նախագահ Շահան Գանտահարեան ընդգծեց, որ մետիա ֆորումը նշանակալից էր նոյն թուրքաատրպէյճանական ապատեղեկատուական հոսքը կանխելու, ինչպէս նաեւ ֆորումի՝ «Արարատի ստորոտին» խորհրդանիշը միջազգայնացնելու առումներով:

 Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան առաջարկեց հաւաքագրել մամուլի մէջ տեղ գտած ֆորումին իբրեւ արդիւն հրապարակուող բոլոր նիւթերը (գրաւոր եւ տեսանիւթ), քանի որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման մեր պայքարը շարունակական պիտի ըլլայ:

Ն.Մկրտչեանն առաջարկեց «Ֆեյսպուք» սոց.ցանցի մէջ ստեղծել ֆորումի մասնակիցներու նոր էջ, ուր աւելի հեշտութեամբ կարելի է հաւաքել նիւթերը ապա արխիւացնել:

 Նիստի մասնակիցները արձանագրեցին, որ մետիա ֆորումի մասին տպագրուած հրապարակումները պէտք է ուսումնասիրել եւ ամբողջացնել ոչ միայն արաբական աշխարհի, այլեւ եւրոպական, ռուսական եւ ամերիկեան լրատուամիջոցներէն:

Ապրիլ 24-ին ընդառաջ հայատառ եւ օտարալեզու լրատուամիջոցներու կողմէն տարածաշրջաններու մէջ ձեռնարկներու լուսաբանման աշխատանքներ տանելու ուղղութեամբ  Շ.Գանտահարեան նշեց, որ Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը կը նշեն ոչ միայն Հայաստանի, այլ աշխարհի բոլոր խոշոր քաղաքներու մէջ: Մինչդեռ Գալիպոլիի ճակատամարտի տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ կ’իրականացուին միայն Թուրքիոյ մէջ:

 «Ակնյայտ է նաեւ, որ Թուրքիան ֆորումի հակաքայլը կ’ընէ՝ փորձելով այլափոխել մետիաֆորումի իրական նպատակներն ու խնդիրները: Անհրաժեշտ է ուսումնասիրել յատկապէս անգլալեզու մամուլը, ուր գլխաւորաբար տեղ կը գտնեն թրքական հակաքայլերուն ու մերժողական քաղաքականութեան ծառայող հրապարակումները: Անոնք աւելի մեծ չափերով կը տպագրուեն ապրիլ ամսուն, իսկ գագաթնակէտը կ’ըլլայ Ապրիլ 24-ը», – աւելցուց «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիրը:

 Նիստի երրորդ հարցը 2015թ. «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացներուն Սփիւռքի լրագրողներու մասնակցութիւնը  ապահովելու հարցն էր:

 ՀՀ ՍՆ տեղեկատւութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան նշեց, որ պէտք է ապահովել մասնակիցներու անհրաժեշտ քանակ եւ ընդլայնել աշխարհագրութիւնը: Վ.Վարդանեան աւելցուց, որ ԵՊՀ ժուռնալիստիկայի ֆակուլտետին առաջարկ ներկայացուցած էր պատրաստել 2015թ. ծրագիրը՝ նկատի առնելով նախորդ 5 տարիներու փորձը:

 Խօսելով 2015թ. «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացի ծրագրային առանձնայատկութիւններու մասին՝ ֆակուլտետի դեկան Նաղաշ Մարտիրոսեան ըսաւ, որ այս տարի ոլորտներու լաւագոյն մասնագէտները կը կարդան «Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը», «Համշէնը անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկներուն», «Արցախի հիմնահարցը արդի փուլին», «Հայ սփիւռք» եւ «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր» եւ այլ թեմաներով դասախօսութիւններ:

Համալսարանի ղեկավարը առաջարկեց նախորդ տարիներու «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի աշխատանքներու ընթացքի եւ արդիւնքներու մասին պատմող փոքրիկ տեսաֆիլմ պատրաստել եւ աշխատանքներ տանիլ՝ համայնքներու կրթական եւ մշակութային օճախներու մէջ ցուցադրելու ուղղութեամբ:

 ՀՀ ՍՆ մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էվելինա Պաղտասարեան առաջարկեց Լրագրողներու դասընթացին նախատեսել նախարարութեան համապատասխան ստորաբաժանումներու ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ «Հայերն այսօր» ել.թերթի խմբագրի դասախօսութիւնները՝ ՀՀ ՍՆ հայեցակարգային դրոյթները եւ  ծրագիրները, տեղեկատուական քաղաքականութեան իրականացումը եւ Հայաստանի, Սփիւռքի լրատուամիջոցներու հետ տարուող աշխատանքները ներկայացնելու նպատակով:

 Լրագրողներու ամառնային դպրոցի ծրագիրը հաստատուելուն պէս կ’առաքուի Սփիւռքի լրատուամիջոցներուն՝ տպագրելու եւ համայնքի մէջ մասնակիցներու ընդգրկման ուղղութեամբ աշխատանքներ տանելու նպատակով:

 Նիստի մասնակիցները շեշտեցին տարբեր տարածաշրջաններու մէջ գործուն լրատուամիջոցներու աջակցութեան կարեւորութիւնը Լրագրողներու ամառնային դպրոցին՝ մասնակցելու ցանկութիւն ունեցողներու թիւը աւելցնելու, ինչպէս նաեւ անոնց մէջէն առաւել մասնագէտները ընտրելու հարցով:

Scroll Up