Խմբավար Դաւիթ Ղազարեանի ծննդեան 75ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն

Մարտ 18ին, Լոն­տո­նի «Հայ Տան» մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան վաս­տա­կաւոր գոր­ծիչ խմբա­վար Դա­ւիթ Ղա­զարեանի ծննդեան 75ամեակին նուիրուած հան­դի­սու­թիւնը, կազ­մա­կեր­պութեամբ «Թէ­քէեան» մշա­կու­թա­յին միու­թեան Լոն­տո­նի մաս­նա­ճիւ­ղին։ Բաց­ման խօս­քը արտասանեց եւ հան­դի­սու­թիւնը վա­րեց բա­նասէր Թա­մար Մի­նասեան։ Այ­նուհե­տեւ ող­ջոյնի խօս­քով հան­դէս եկաւ միու­թեան ատե­նապե­տու­հի Տիկին Պար­սանքեան-Քայ­տա­ն, իսկ արուես­տա­գէտին գոր­ծունէու­թիւնը հան-
գա­մանօ­րէն ներ­կա­յացուց «Թէ­քէեան» հիմ­նադրա­մի պա­տաս­խա­նատու Պրն. Վ. Ու­զունեան։
Փրոֆ. Ղա­զարեան եր­կար տա­րիներ Երե­ւանի «Կո­միտա­ս» երաժշտա­նոցի եր­գի բաժ­նի տնօ­րէնը եղած է եւ անոր աշա­կեր­տած են Հայ­րե­նիքի եւ Սփիւռքի բազ­մա­թիւ անուանի երա­ժիշտներ։ Ան իր բեղմնա­ւոր եւ եր­կա­րատեւ գոր­ծունէու­թեան հա­մար պար­գե­ւատ­րուած է «Մով­սէս Խո­րենա­ցի» եւ «Գրի­գոր Նա­րեկա­ցի» շքան­շաննե­րով։
Հան­դի­սու­թեան երկրորդ բաժ­նով գոր­ծադրուեցաւ գե­ղարուես­տա­կան յայ­տա­գիր մը՝ արտասանութեամբ եւ երաժշտու­թեամբ։ Այսպէս՝ Տա­թեւիկ Պօ­ղոսեան ար­տա­սանեց Յով­հաննէս Թու­մա­նեանի «Լո­ռեցի Սա­գօն», ծանօթ դե­րասա­նու­հի Ժե­նիա Ներ­սի­սեան ներ­կա­յացուց Թու­մա­նեանի «Անոյշ» բանաստեղծութենէն հա­տուած մը, նաեւ նոյն գրո­ղէն՝ «Ան­յաղթ Աք­լո­րը»։ Այս վեր­ջի­նը խան­դա­վառու­թեամբ ըն­դա­ռաջուեցաւ հան­դի­սական­նե­րու կող­մէ։

Իսկ երաժշտա­կան բա­ժինով Էլ­լա Բա­բայեան դաշ­նա­կի նուագակ­ցութեամբ կա­տարեց Ա. Խա­չատ­րեանի «Դի­մակա­հան­դէս» պա­լէէն եւ Ա. Բա­բաջա­նեանի «Էլէ­գիա» գոր­ծէն հա­տուած­ներ։

Ցու­ցադրուեցաւ նաեւ վեր­ջերս Լոն­տո­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Կո­միտաս» երգչա­խումբին ելոյ­թը (DVD-ն հրա­պարա­կի վրայ է), Սի­փան Յա­կոբեանի գե­ղարուես­տա­կան ղե­կավա­րու­թեամբ։

Շնոր­հա­կալա­կան խօս­քով հան­դէս եկաւ Փրոֆ. Ղա­զարեան։ Հան­դի­սու­թիւնը փա­կուե­ցաւ Տէր Արէն քա­հանա­յի հե­տեւեալ խօս­քով.- “Մշա­կոյ­թը ան­մահ է եւ այ­սօր մենք ու­նե­ցանք ատոր ապա­ցոյ­ցը, ունկնդրե­լով Կո­միտաս, Խա­չատ­րեան, Բա­բաջա­նեան եւ Թու­մա­նեան”։

Ս.Ա.
«Նոր Յառաջ» երկօրեա

Scroll Up