ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց Յակոբ Գասարճեանը
Մարտ 31-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց լիբանանահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, «Անելիք» դրամատան խորհուրդի նախագահ, «Թեքէեան» մշակութային միութեան հիմնադիր մարմնի ատենապետ Յակոբ Գասարճեանը: Զրոյցի ընթացքին Յ. Գասարճեան նախարարին տեղեկացուց, որ սփիւռքահայ բազմաթիւ գործարարներ պատրաստ են արձագանգելու հայաստանեան դրամատուներու մէջ նուազագոյնը 1000 տոլարով հաշիւ բանալու վերաբերեալ Սփիւռքի նախարարութեան սկսած շարժման: Շնորհակալութիւն յայտնելով Յ. Գասարճեանին՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւս մէկ անգամ շեշտեց նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը եւ նշեց, որ Հայրենիքի մէջ դրամատնային հաշիւներ ունենալը կը նպաստէ Հայաստանի դրամատնային համակարգի կայունացմանն ու զգալիօրէն կ’օգնէ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման: