Առաջին անգամ կը ցուցադրուի “Կոմիտաս. կարօտի կռունկ”. ֆիլմ–ներկայացումը

“Համազգային վստահութիւն” խորհուրդը կը միանայ “կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ, խորագրի ներքոյ իրականաուող Եղեռնի հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին եւ 2015-ի Մարտ 30-ին Գ. Սունտուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնի մէջ հանրութեան պիտի ներկայացնէ “Կոմիտաս. Կարօտի կռունկ” ֆիլմ-ներկայացումը, կը տեղեկացնէ “Համազգային վստահութիւն” հանրային խորհուրդը: Ֆիլմ-ներկայացումը (սենարի հեղինակ, ռեժիսոր, երաժշտական խմբագիր, եւ Կոմիտասի դերակատար` ՀՀ վաստակաւոր արտիստ, ՀՀ վարչապետի ոսկէ եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան “Կոմիտաս” մետալակիր, ՀՀ հանրային հեռուստառատիոյի վաստակաւոր խօսնակ-ասմունքող Ս. Նաճարեան) կ’արտացոլէ Կոմիտաս մարդու, Կոմիտաս երգահանի, Կոմիտաս հոգեւոր առաջնորդի, բանաստեղծի, հայրենասէրի եւ փիլիսոփայի տարագիր կեանքի գեղեցիկ եւ միեւնոյն ժամանակ ողբերգական պահերը: Ֆիլմ-ներկայացումը Կոմիտասի կերպարը կը ներկայացն այնպէս, ինչպէս այն եղած է իրականութեան մէջ` ըստ արխիւային նամակներու, յուշերու, մենախօսութիւններու, մտքի պայծառացումներու եւ մթագնումներու: Ներկայացումը դիտած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Իր դաստիարակչական-ուսուցողական բնոյթով այս ֆիլմ-ներկայացումը ուղերձ է երիտասարդ սերունդին ու նաեւ օտարներուն, որ, այո՛, եղած է Հայոց ցեղասպանութիւն եւ զայն պէտք է ոչ միայն ընդունիլ, գիտնալ, այլ նաեւ դատապարտել եւ պահանջել:

Scroll Up