«ՀԲԸՄ-88». Սփիւռքահայ մասնակիցները հանդիպած են Արցախի ԱԺ նախագահին
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Մարտ 29-ին ընդունած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «ՀԲԸՄ-88» համաժողովի ծիրէն ներս Արցախ այցելած խումբ մը մասնակիցներ, որոնք կը ներկայացնէին ԱՄՆ-ի, Գանատայի, Արժանթինի, Մեքսիքայի, Ուրուկուէյի, Պուլկարիոյ, Ուքրանիոյ, Իրաքի, Սուրիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Աւստրալիոյ հայ համայնքները:
ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ խորհրդարանի ղեկավարը բարձր գնահատած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հայրենանուէր գործունէութիւնը Սփիւռքի , ՀՀ-ի, ԼՂՀ մէջ եւ կարեւոր համարած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ «ՀԲԸՄ-զրոյցներ» խորագիրը կրող համահայկական համաժողովը Երեւանի մէջ իրականացնելու ու ծրագիրին մէջ Արցախը ընդգրկելու հերթական նախաձեռնութիւնը:
Ազգային ժողովի նախագահը ներկայացուցած է Արցախի հանրային-քաղաքական եւ սոցիալ-տնտեսական զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող ծրագիրներու, առաջնագիծին տիրող իրավիճակի եւ ԼՂՀ միջազգային ճանաչման գործընթացին հետ կապուած հարցերու լայն շրջանակ:
Անկաշկանդ զրոյցի ընթացքին սփիւռքի հայրենակիցները հետաքրքրուած են Արցախի կրթական համակարգին, մասնագէտներու ապահովուածութեան եւ երկրի կենսագործունէութեան այլ ոլորտներուն առնչուող խնդիրներով: