Աւելի Քան 600 Աշակերտներ Ցեղասպանութեան Զոհերը Ոգեկոչեցին Մոնթեպելլոյի Յուշարձանին Առջեւ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/0000students-Monument6-300x200.jpg)
Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարածքէն աւելի քան 600 աշակերտներ եւ անոնց ընկերակցող ծնողներն ու ուսուցիչները վերջերս առիթ ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու՝ այցելելով Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը։
Ոգեկոչման այս աշակերտական նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են հետեւեալ վարժարանները՝ Արի Կիրակոս Մինասեան, Մանուկեան-Տեմիրճեան, Մեսրոպեան, Հայ Քոյրերու վարժարան, Մերտինեան եւ Ֆերահեան։
Մասնակից վարժարաններուն անունով, ներկաներուն բարի գալուստ մաղթած է ձեռնարկը հիւրընկալող Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան։ Ելոյթ ունեցած են նաեւ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վիւըն Ռոմերօ, ինչպէս նաեւ՝ Մոնթեպելլօ քաղաքի վարիչ Ֆրանչեսքա Թաքըր-Շույլըր։
Ապա, աշակերտները միասնաբար երգած են «Սուրբերու Աչքեր»ը, իսկ Փաուլա Քասապեան, ընկերակցութեամբ «Ֆերահեան»ի աշակերտներ Սօսէ Յովհաննէսեանի եւ Շանթ Ղազուրեանի՝ կատարած են «Կը Յիշեմ» երգը։
Իր ելոյթին մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միացեալ մարմինի գործադիր վարիչ Գէորգ Ինճէեան ըսած է, թէ իւրաքանչիւր աշակերտ յուշարձան մըն է, որ պիտի շարունակէ հայ ժողովուրդին արդար հատուցում ապահովելու պայքարը։ Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտները երգած են «Ապրիլեան Նահատակներ»ը, որմէ ետք տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան պաշտօն եւ իւրաքանչիւր վարժարան ծաղկեպսակ մը զետեղած է յուշարձանին առջեւ։
Այս մասին յայտնած է Ասպարեզ: