ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն

Մարտ 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարարի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ գործակարգավարական խորհրդակցութիւն: Նախարարը ներկայացուց Աւստրալիա եւ ԱՄԷ կատարած աշխատանքային այցերու արդիւնքները: Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները զեկուցեցին հաշուետու ժամանակաշրջանին մէջ կատարած աշխատանքներուն վերաբերեալ: Քննարկուեցան յետագայ ընելիքները, նախանշուեցան յառաջիկայ ծրագիրներն ու ձեռնարկները: Տրուեցան յանձնարարականներ:

Scroll Up