Էրտողան բան մը կը մոռնայ` Օսմանեան արխիւները նաեւ հայերու արխիւներն են
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/Ալիս-Նալջըն.jpg)
Պոլսահայ լրագրող Ալիս Նալճըն, ի պատասխան Հայկական սփիւռքին ուղղուած` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի յայտարարութեան, թէ` «Որքան արխիւ՞ ունիք», T24-ին մէջ յօդուած գրած է, որ կը ներկայացնէ yerkir.am-ը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` Թուրքիոյ նախագահը մէկ կողմէն չի վարանիր կրկնել իր հին ` «Պատմութիւնը ձգէք պատմաբաններուն» խօսքը, իսկ միւս կողմէն` կը փորձէ Ցեղասպանութեան նկատմամբ քաղաքականութիւն ստեղծել` ինքզինքը ծիծաղելի դրութեան մէջ դնելով, ակադեմիկոսներուն եւ պատմաբաններուն անգամ զզուեցնող նոր` «դուք որքան փաստաթու՞ղթ ունիք» հարցով:
Նախագահի այս յայտարարութենէն յետոյ զրուցեցի շարք մը պատմաբաններու հետ` այդ հարցին շուրջ անոնց տեսակէտը գիտնալու համար: Ստացածս պատասխանները միշտ «զզուեցնող» եւ «մեկնաբանելն անգամ անիմաստ» էին: Եւ իրապէս, չէ՞ որ անոնց փաստաթուղթերը շատ են…
«Եթէ այդպէս է` ինչու՞ լքուած են կալուածներու մասին փակ արխիւները»,- կ’ըսէ երիտասարդ պատմաբան Ումիթ Քուրթ: Անգլիոյ մէջ Կոմիտասի անուան հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեան ըսաւ. «Այս հարցին մէջ լուրջ
մեկնաբանութիւն չի կրնար ըլլալ: Ասոնք հռետորական հնարքներ են: Մենք շատ փաստաթուղթեր ունինք հայերու անհիմն տեղահանութեան եւ մեծ կոտորածներու ենթարկուած ըլլալու մասին: Պաթման, որն այն վայրերէն մէկն է, ուր կոտորածներ եղած են, պիտի այցելենք Ապրիլին: Գուցէ Էրտողանն ալ մեզի կը միանայ: Իրականութեան մէջ, Օսմանեան արխիւները անգամ բացատրութիւն չեն տար 1915 թուականին հայերու անհետացման մասին: Անոնք պաշտօնապէս ուղարկուած են Տէր Զօր` վերահաստատուելու համար: Սակայն Օսմանեան արխիւներուն մէջ մարդոց` ամայի վայրերուն մէջ հաստատուելու մասին անգամ չի խօսուիր: Հազարաւոր մարդիկ ուղարկուեցան այնտեղ, եւ ոչ մէկը ողջ չմնաց»: 1917 թուականին Թալէաթ փաշան Օսմանեան հայերու մասին զեկոյց մը պահանջեց, որուն համաձայն` Տէր Զօրի մէջ գրեթէ մէկը ողջ չէր մնացած: 1917-ին Տէր Զօրի մէջ եղած այդ ուսումնասիրութեան արդիւնքները կը պահուին ԱԳ նախարարութեան արխիւներուն մէջ եւ հասանելի չեն:
Սակայն Թալէաթ փաշայի յատուկ զեկոյցին մէջ (Մուրաթ Պարտաքչըի կողմէ հրապարակուած) կ’ըսուի, որ ամբողջ Տէր Զօրի մէջ 6778 հայ մնացած էր: Այս զեկոյցը հասանելի է եւ անուանուած է «Թալէաթ փաշայի` Հայոց ցեղասպանութեան մասին զեկոյցը» Պեռլինի մէջ Թալէաթ փաշայի սպանութեան, զեկոյցին` անոր ընտանիքին մէջ պահուելուն (այլ ոչ թրքական արխիւներուն մէջ) եւ ատոր` յատուկ հրատարակչութեան կողմէ հրապարակուած ըլլալուն պատճառով: Այնպէս որ` եթէ Էրտողան լուրջ է (թէկուզ եւ սխալ) պէտք անոր Տէր Զօր ուղարկուած հազարաւոր հայերու` ուր ըլալուն մասին հարցնել: Թուրքիոյ նախագահը կը գիտակցի՞, որ շատ մտաւորականներ, պատմաբաններ, ակադեմիկոսներ եւ անգամ` իր ժողովուրդը զինք լուրջ չեն ընդունիր: Արդեօք
նախագահը տեղեա՞կ է, որ այս ամէնուն զուգահեռ Փարիզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին քննարկումներ տեղի կ’ունենան եւ այս տարի կազմակերպուած, գուցէ եւ ամենաընդգրկուն գիտաժողովը պիտի կայանայ իրենց
մասնագիտութեան սիրահար հազարաւոր թուրք, հայ, քիւրտ, հրեայ, եւրոպացի եւ ամերիկացի պատմաբաններու մասնակցութեամբ: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հովանիի ներքոյ կազմակերպուած այդ գիտաժողովը կը կրէ «Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութիւնը» խորագիրը:
Գրեթէ բոլոր պատմաբանները, որոնք մինչ այսօր Հայոց ցեղասպանութեան մասին ուսումնասիրութիւններ ըրած են, այնտեղ պիտի ըլլան: (Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են, կրնան այցելել այստեղ` http://centenaire.org/fr/espace-scientifique/colloquesseminaires/le-genocide-des-armeniens-de-lempire-ottoman-dans-la-grande):
Պատմութեան մասին պատմաբաններն արդէն շատոնց կը խօսին: Անգամ` Օսմանեան արխիւներու փաստաթուղթերով կը խօսին: Ձեր ըսած այդ «միլիոնաւոր» փաստաթուղթերով… Մէկ բան կայ, որ Էրտողան կը մոռնայ. օսմանեան արխիւները միեւնոյն ժամանակ հայերու արխիւներն են: Ցեղասպանութեան ամենամեծ փաստն ալ այդ արխիւներու փաստաթուղթերն են:
Թարգմանութիւնը` Արազ Գայմագամեանի