Ոչ մէկը չի կրնար փոխարինել 100-ամեայ յիշողութիւնը մոռացութեամբ. Ռիքարտօ Անկոսօ (սպանացի յայտնի լրագրող)
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/Իսպանացի.jpg)
Սպանացի յայտնի հակայեղափոխական լրագրող Ռիքարտօ Անկոսոն Հայոց ցեղասպանութեան մասին յօդուած մը հրապարակած է «Լրագրութիւն` առանց սահմաններու» նախագիծի սպաներէն լեզուով կայքին մէջ, կը գրէ norjugha.ir-ը:
«Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ բնակող հայ բնակչութեան կոտորածներու, սպանութիւններու եւ զանգուածային տեղահանութիւններու ծրագիր էր, որ պայթեցաւ Օսմանեան կայսրութեան փլուզման տարիներուն:
Այժմ, երբ մէկ դար անցած է Հայոց ցեղասպանութենէն, ժամանակն է, որ Թուրքիան, առանց յետագայ ձգձգումներու, քաջութիւն ունենայ ճանչնալու ողբերգական իրադարձութիւնները, որ տեղի ունեցած են երկրի տարածքին մէջ, եւ որոնց կազմակերպման գործին մէջ ներգրաւուած եղած են ժամանակի թրքական իշխանութիւնները:
Այս տարի պատմական հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի պաշտօնական անգարային ատիկա ընելու, քանի որ կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը (1915-2015), որուն առթիւ Հայաստանի իշխանութիւնները շարք մը պիտի իրականացնեն Երեւանի մէջ:
Բացի այդ, հայկական Սփիւռքը, որ ցրուած է աշխարհով մէկ, եւ որուն ներկայացուցիչները կոտորածներու զոհերու անմիջական ժառանգներն են, շարք մը ձեռնարկներ, համաժողովներ, ցուցադրութիւններ կը կազմակերպեն` յիշատակելու 19-րդ դարու աւարտին սկսած եւ մինչեւ 1923 թուական իրագործուած ողբերգութեան տարելիցը: Առաջին կոտորածները, որոնք, ի տարբերութիւն աւելի ուշ իրականացուածներուն, նախապէս ծրագրաւորուած չէին, տեղի ունեցան 1894-ին եւ 1897-ին, թէեւ Թուրքիոյ մէջ հայկական համայնքին վրայ յարձակումները փաստագրուած են նաեւ շատ աւելի վաղ:
Թուրք առաջնորդներէն իրենց դաժանութեամբ աչքի ինկած են յատկապէս Ապտուլ Համիտ Բ սուլթանը եւ նախարար Մեհմէթ Թալէաթը, որոնք կը ցանկային ջնջել Թուրքիոյ մէջ հայերու ներկայութեան, ինքնութեան, մշակոյթի բոլոր հետքերը: Սակայն պատմութիւնը չի կրնար ջնջել կամ ժխտել: Պատմութիւնը միշտ կը յիշէ կործանած եկեղեցիները, պղծուած գերեզմանոցներու, այրած երկրի տէր հայերը, եւ ոչ ոք չի կրնար փոխարինել յիշողութիւնը մոռացութեամբ:
Տարածաշրջանի ժողովուրդներուն միջեւ անհրաժեշտ հաշտութիւնը հնարաւոր է միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջոցով: Ատոր համար Թուրքիան պէտք է քաջութիւն ունենայ` ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը եւ իր երկրի նախկին 2 մլն քաղաքացիի ցաւը»: