Աւստրալիոյ հայ եւ յոյն համայնքները դէմ են Աթաթուրքի յուշարձանին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/Ավստրալիա.jpg)
Աւստրալիոյ հայ եւ յոյն համայնքները հանդէս կու գան Սիտնէյի Հայտ Փարքի մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի յուշարձանի տեղադրման դէմ, armradio.am-ի փոխանցմամբ` կը գրէ the Greek Reporter- ը:
«Քեմալ Աթաթուրք պատասխանատու է Թուրքիոյ մէջ էթնիկ փոքրամասնութիւններու զանգուածային կոտորածներու եւ մահուան երթերու, ինչպէս նաեւ 20- րդ դարու սկիզբը իր բռնակալութեան դէմ հանդէս եկողներու սպանութեան համար: Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը եւ իր համախոհները, որոնք յայտնի են «Քեմալիստ» անուամբ, իրականացուցած են Թուրքիոյ մէջ բնակող փոքրամասնութիւններուն դէմ բարբարոսական բռնութիւններ»,- ըսուած է Աւստրալիոյ հայ երիտասարդական դաշնակցութեան բողոքի նամակին մէջ` ուղղուած Նոր Հարաւային Ուելսի նահանգային կառավարութեան անդամ Վիքթոր Տոմինելլիին ուղղուած նամակին մէջ:
Բողոքի նամակներով հանդէս եկած են նաեւ յունական համայնքի ներկայացուցիչները: