Գերմանիան 30 000 Եուրօ Կը Յատկացնէ Սուրիահայ ՓախստականներունՕգնելու Համար

Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանութեան եւ «ԱռաքելութիւնՀայաստան» ՀԿ-ի միջեւ 20.000 եուրօ գումարի չափով առաջին համատեղնախագիծէն ետք, Գերմանիոյ կառավարութիւնը եւս 30.000 եուրօ գումարյատկացուցած է սուրիացի փախստականներունտրամադրուող մարդասիրական օգնութեան ծրագիրներուն: Ինչպէս«Արմէնփրէս»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ-ի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատանմամլոյ ծառայութենէն, պետութեան կողմէ իրականացուող ձեռնարկներունզուգահեռ, «Առաքելութիւն Հայաստան» հասարակականկազմակերպութիւնը, որ կը համագործակցի ՄԱԿ ՓԳՀ-ի (UNHCR) հետ,կ’օգնէ սուրիացի փախստականներուն կենսական անհրաժեշտութեանպարագաներով` հագուստ, կենցաղային իրեր, առողջապահական պարագաներ: Բացիայդ` «Առաքելութիւն Հայաստան» կազմակերպութեան աշխատակիցները կը դիւրացնեն սուրիացիփախստականներու` առողջապահական ծառայութիւններէնօգտուելու հնարաւորութիւնները եւ կ’ապահովեն անոնցանհրաժեշտ խորհրդատուութեամբ:

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները շատ սուրիացիներուստիպեցին ժամանակաւորապէս հեռանալու իրենց հայրենիքէն: Միքանի հազար փախստականներ ապաստան գտան Հայաստանի մէջ: Անոնցվիճակը դժուար է, ոմանք զուրկ են անգամ տարրական կենսականպայմաններէն եւ խիստ կարիք կայ շարունակական աջակցութեան եւհամերաշխութեան:
Scroll Up