Սերժ Սարգսեան Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան Տօներուն Առիթով Շնորհաւորած է Սուրիոյ Հայկական Վարժարանները
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սուրիոյ պատերազմական պայմաններուն մէջ գործող մէկ տասնեակէ աւելի վարժարաններու տնօրէնութիւնները, կրթական այդ հաստատութիւններու աշխատակիցներն ու սաները, մաղթել` արդիւնաւէտ աշխատանք եւ մշտանորոգ եռանդ անոնց ազգանուէր եւ հայանպաստ գործունէութեան մէջ:
Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը: