Սպանական Պինտօ քաղաքը պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը

Սպանական Պինտօ քաղաքի քաղաքապետարանը իր այսօրուան` Մարտ 26-ի լիագումար նիստին միաձայն պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնեն Սպանիոյ իր աղբիւրները:

Որոշման մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի. «Պինտոյի քաղաքապետարանի լիագումար նիստը միաձայն կը հաստատէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը եւ կը դատապարտէ օսմանեան թուրքերու կողմէ մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւնները: Այս տարի կը լրանայ 20-­րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, որուն ընթացքին սպաննուեցան 1.5 մլն քաղաքացիներ, իսկ 2 մլն հայեր ստիպուած եղան լքելու իրենց բնակավայրերը»:

Աւեցնլենք, որ օրերս «Հայերն այսօրը» տեղեկացուցած էր, որ հանդիպում   տեղի ունեցած է Պինտոյի (Pinto) քաղաքապետարանի եւ Մատրիտի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն միջեւ` գլխաւորութեամբ Հայր սուրբ Մուշեղ-Շնորհք Սարգսեանի, Յասմիկ Մելքոնեանի, Նորայր Ղարիբեանի, Վահէ Գէորգեանի, Գեղամ Մկրտչեանի եւ Ալպերթ Մնացականեանի եւ Վալենսիոյ Արարատ Հայկական Միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեանի: Հանդիպման ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դիմում  ներկայացուած է իշխող Ժողովրդական կուսակցութեան (Partido Popular) խօսնակ, փոխքաղաքապետ Խուան Անթօնիօ Պատիյային (Juan Antonio Padilla):

Քննարկուած է նաեւ յառաջիկայ քաղաքային խորհուրդի նիստին Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւը ներկայացնելու եւ ճանաչման հաւանականութեան հարցը: Նոյն օրը Ժողովրդական կուսակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը ներկայացուցած է Պինտոյի քաղաքապետարանին` Մարտ 26-ի նիստին այն քննարկելու համար:

Յիշեցնենք, որ ցեղասպանութիւնը ճանչցած են սպանական Միսլատա, Սանթա Քոլոմա, Պուրխասոտ եւ Պետերա քաղաքները, ինչպէս նաեւ Փաիս Պասկօ, Գաթալոնիա, Քանարիաս եւ Նաւառա նահանգները:

Scroll Up