Իւրաքանչիւր հայ մէկ փաստ է. «Ակօս»-ի պատասխանը` Էրտողանին

«Տեսնել փափաքողի համար շատ փաստ կայ» վերնագրուած յօդուածին մէջ «Ակօս» պարբերականը այսօր խօսքը ուղղած է նախագահ Ռեճէպ Թայիճ Էրտողանին, որ, դիմելով Հայկական սփիւռքին, ըսած էր.
«Մեր արխիւներն այստեղ են: Դուն որքա՞ն արխիւ ունիս»: Մէջբերելով Հրանդ Տինքի խօսքը` «Ակօս»-ը գրած է. «Ի հարկէ, հայերը փաստ ներկայացնելու ինչ-որ կախուածութիւն չունին: Քանի որ, ինչպէս Հրանդ Տինքը կ’ըսէր` «Իւրաքանչիւր հայ մէկ փաստ է», սակայն անոնց համար, որոնք անպայման փաստ կ’ուզեն, պէտք է այս օրերուն միաժամանակ տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին յիշեցնել:
Ատոնցմէ առաջինը Հայոց ցեղասպանութեան մասին Վատիկանի մէջ գտնուող արխիւներու հրապարակումն է: Միւսը` Ռայմոնտ Գէորգեանի «Հայոց ցեղասպանութիւնը» գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնը: Գիրքին մէջ կը պատմուի վայրերու, գիւղերու մասին, ուր տեղի ունեցած է Ցեղասպանութիւնը` վկաներով: Հետեւաբար` տեսնել փափաքողի համար շատ փաստ կայ: Բաւարար է տեսնել կարենալ»: