Ատրպէյճան կը Սպառնայ Երեւանի մէջ կայացած Լրագրողներու Համաժողովի Մասնակիցներուն

Ատրպէյճան կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելող օտարեկրեայ նշանաւոր անձերը, պետական գործիչները, լրագրողները, քաղաքական գործիչները «անցանկալի անձ» յայտարարել եւ անոնց անունները ներառել այսպէս կոչուած «սեւ ցուցակի» մէջ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»­ը, այս անգամ Ատրպէյճան մտադիր է իր այդ ծիծաղելի «սեւ ցուցակը» ընդլայնել Մարտ 18­ -23-­ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Արարատի ստորոտին» միջազգային մետիա համաժողովին մասնակից 30 լրագրողները եւս, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան 100­-ամեայ տարելիցի արարողութիւններու ծիրէն ներս այցելած են Արցախ:

Արտասահմանցի լրագրողները, որոնց շարքին եղած են նաեւ ռումինական «Ատեվարուլ» թերթի լրագրող Ելենա Տումիթրին, ռուսաստանեան «Արկումենտը ի ֆակտի» թերթի լրագրող Ալեքսանդր Քոլեսնիչենքոն, «Չեխական ռադիօ»­-ի հաղորդավար Մոնիքա Խորսակովան, ԼՂՀ կատարած այցի ծիրէն ներս հանդիպած են Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ եւ այցելած շարք մը կառոյցներ:

Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հիքմեթ Հաճիզատէն այդ առնչութեամբ յայտարարած է, թէ անոնց նկատմամբ «համապատասխան միջոցներ կը ձեռնարկուին», որմէ ենթադրելի է, որ ատրպէյճանական ԱԳՆ-­ի «սեւ ցուցակը» պիտի ընդլայնուի եւս 30 արտասահմանցիներու անուններով:

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-­ի «սեւ ցուցակին» մէջ մինչեւ հիմա արդէն նշուած են 350-էն աւելի անձիք, որոնք իրենց ցանկութեամբ այցելած են ԼՂՀ: Անոնց մեծամասնութիւնը յայտարարած է, որ իրենց համար միեւնոյն է, թէ արտասահմանցիներու` ԼՂՀ այցի մասին ինչ կը մտածէ Պաքուն:

Scroll Up