Թուրքիոյ ԵՄ Հարցերով Նախարարը Հայերուն Դէմ Իրականացուած Կոտորածը Անժխտելի Փաստ Կը Համարէ

Թուրքիոյ ԵՄ հարցերով նախարար եւ գլխաւոր բանագնաց Ալի Հայտար Քոնջան լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրին` չժխտելով, որ նման բան տեղի ունեցած է:

Ինչպէս կը հաղորդէ ՝«Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «Ակօս» պարբերականը` լրագրողները հարցուցած են, թէ ինչպիսի կեցուածք պիտի դրսեւորէ նոր նախարարը այն պարագային, եթէ Եւրոխորհրդարանի օրակարգին վրայ կրկին յայտնուի Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, որուն ի պատասխան Քոնջան ըսած է. «Ցեղասպանութիւնը այսպէս կոչուած է, թէ ոչ, կարեւոր չէ, յստակ է եւ պարզ միայն մէկ բան` կոտորած եղած է: Ատիկա բոլորն ալ կ՛ընդունին»:

ԵՄ հարցերով նախարարը աւելցուցած է, որ այս հարցին վերաբերեալ իր կուսակցութիւնը դեռ քննարկում պիտի իրականացնէ եւ կը յստակեցնէ իր դիրքորոշումը: Ալի Հայտար Քոնջան քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ է: Այդ կուսակցութեան նախագահ Սելահեթթին Տէմիրթաշը նախագահական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ, որ ընտրուելու պարագային պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Scroll Up