Հայկական կազմակերպութիւնները Ցեղասպանութեան ճանաչման կոչով դիմած են Էսթոնիոյ ղեկավարութեան

Հայկական  շարք մը կազմակերպութիւններ «2 քայլ, 1 վայրկեան` յանուն 1,5 միլիոնի» արշաւի ծիրէն ներս 3 օրուան ընթացքին 500­է աւելի ելեկտրոնային նամակներ  ուղարկած են Էսթոնիոյ վարչապետի գրասենեակ եւ
խորհրդարանի ղեկավարութեան, այդ երկրի ամենայայտնի լրատուամիջոցներուն` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու կոչով:

Այս մասին ինչպէս «Արմէնփրէս»­ին տեղեկացուց  արշաւը համակարգող Լիլիթ Մկրտչեան, արշաւը կը շարունակուի մինչեւ շաբթուան վերջը. Էսթոնիոյ իշխանութիւնն ու լրատուամիջոցները կը շարունակեն ստանալ նամակներ Հայաստանի եւ աշխարհի քաղաքացիներէն: «2 քայլ, 1 վայրկեան` յանուն 1,5 միլիոնի» արշաւը նախաձեռնած են Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոցն ու Երիտասարդ պատմագէտներու ընկերակցութիւնը:

Նախաձեռնութեան նպատակն է Ցեղասպանութիւնը չճանչցած երկիրներուն իրազեկել 20­ րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան մասին եւ կոչ ընել ճանչնալու «Հայոց մեծ եղեռնը»: Նախաձեռնութիւնը ամէն շաբաթ կը յայտարարէ մէկ երկրի անուն ու այդտեղի ելեկտրոնային հասցէները` այն երկրին, որ չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Առաջին շաբաթը յայտարարուած է Էսթոնիոյ շաբաթ: Նախաձեռնութիւնը կոչ  կ’ընէ աշխուժօրէն մասնակցելու արշաւին ու ներդրում ունենալու Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու գործին մէջ: Որքան շատ մարդ ուղարկէ այդ նամակները, այդքան մեծ հետաքրքրութիւն կ’առաջացնէ երկրի լրատուամիջոցներուն մէջ, ու եթէ այս նամակի նոյնիսկ 1 օրինակը հրապարակուի թիրախային երկրի մէջ, ապա ատիկա արդէն 1 քայլ է ցեղասպանութեան ճանաչման ճանապարհին»,­ կը նշեն կազմակերպիչները:

Scroll Up