Չեխիան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն ներկայացուած կ’ըլլայ 3-րդ անձի մակարդակով
Չեխիան Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն ներկայացուած կ’ըլլայ պետութեան երրորդ անձի մակարդակով: Armeniangenocide100.org-ի փոխանցմամբ`այդ մասին «Արմինֆօ»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին մէջ հաղորդած է Հայաստանի մէջ Չեխիոյ դեսպան Փեոտր Միկիսկան:
«Չեխիոյ սահմանադրութեան համաձայն, երկրի երրորդ անձը խորհրդարանի փոխխօսնակն է: Հէնց փոխխօսնակներէն մէկը կը ժամանէ Երեւան` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն», – պարզաբանած է դեսպանը:
Ան նշած է, որ ի սկզբանէ կը նախատեսուէր, որ Չեխիան այդ ձեռնարկներուն ներկայացուած կ’ըլլայ երկրորդ անձի` այսինքն, խորհրդարանի խօսնակի մակարդակով, սակայն ան հիւանդացած է, եւ այժմ հիւանդանոցի մէջ կը գտնուի: «Շատ ափսոս, որ այդպէս պատահեցաւ, քանի որ Միլան Շտեխն իրօք շահագրգռուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու մասնակցկութեամբ», – հաւաստիացուցած է դեսպանը:
Դիւանագիտական աղբիւրներէն «Արմինֆօ»-ի ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, այդ ձեռնարկներուն առաջին անձի մակարդակով կը ներկայանայ նաեւ Պելառուսը: Այդ օրերուն Երեւան կը ժամանեն նաեւ Եւրոպական ժողովրդավարական կուսակցնութեան նախագահ Ժոզէֆ Տոլ, ԵԽԽՎ ղեկավար Էն Պրասէր: