Գերմանիա.թրքական բողոքի ցոյց՝ դասակարգերու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակութեան դէմ
Տիւսէլտորֆի մէջ թրքական հանրահաւաք մը տեղի ունեցած է նահանգի Խորհրդարանին առջեւ: Ցուցարար Թուրքերը պահանջած են, որ գերմանական դասագիրքերու մէջէն ջնջուի այն մասը, ուր կ՚ըսուի՝ «Թուրքերը 1915-ին ցեղասպանութիւն գործադրեցին Հայերուն դէմ» :
Ցոյցին կազմակերպիչը՝ Ալի Սէօյլէմէզօղլու ըսած է, որ 2011-ին արդէն 8000 ստորագրութիւն հաւաքելով բողոքած էին յիշեալ ղասագիրքերուն դէմ, ու իրենց բողոքագիրը յանձնած էին Նահանգային կառավարիչ Հանէլոր Գրաֆթին: «Վրայէն երկու տարի անցաւ ու դեռ պատասխան չենք ստացած: Ներկայիս կը վերյիշեցնենք ու պատասխան կը պահանջենք»,- ըսած է ան՝ սպառնալով, որ կրկին պատասխան չստանալու պարագային, շատ աւելի ծաւալուն հանրահաւաքներ պիտի կազմակերպեն:
«Նոր Յառաջ»